2016-07-06 11:18:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Թեւերէ գետին մէջ մահացած Սոլոմոն երիտասարդին հարազատներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 6 յուլիս 2016-ին՝ առաւօտեան ժամը 9.00-ին, Վատիկանի  Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ , Լիոնէն ժամանած ուխտաւորներուն հետ  հանդիպումէն առաջ, հանդիպեցաւ Պօ Սոլոմոն Ամերիկացի երիտասարդի ծնողաց հետ,   որուն դիակը վերջերս  յայտնաբերուած է ՝Հռոմի Թեւերէ գետին մէջ։

Հանդիղումին ընթացքին Սրբազան Հայրը  Ամերիակացի երիտասարդի հարազատներուն յայտնեց  կարեկցութեան ու խորին մասնակցութեան իր զգացումները, անոնց ցուցաբերելով իր մօտիկութիւնը՝ Տիրոջ աղօթելով,  երիտասարդին համար, որ  ողբերգական  մահով անհետացաւ։

Այս մասին տեղեկացուց  Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Հայր Ֆետերիօ Լոմպարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.