2016-07-06 10:17:00

Ս.Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը 30 շրջանաւարտներ կը յանձնէ իր 2016-ի հունձքով


Հինգշաբթի, 30 Յունիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի շրջանաւարտից հանդէսը, հովանաւորութեամբ զօրավար Շամէլ Ռուքոզի, նախագահութեամբ Զմմառու Կաթողիկոսական Կղերի Միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ՝ գերապայծառ Հայր Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեանի,  ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, հիւրերու, ծնողներու, հարազատներու եւ բարեկամներու:

Շրջանաւարտներու մուտքին յաջորդեց Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի քայլերգներու ունկնդրութիւնը: Տնօրէնութեան խօսքը փոխանցելով, Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան խօսեցաւ դպրոցին ունեցած եւ ջամբած հաւատարմութեան սկզբունքին մասին, որմով այսօր կը յիշենք դառն ճակատագրով կեանքէն առ յաւէտ հեռացած վարժարանի նախկին շրջանաւարտներէն մէկը: Ան ըսաւ, թէ այսօր մինչ հողին կը յանձնենք մատղաշ Ժագ Նորաշխարեանը, միւս կողմէ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի ընտանիքը մեծ ուրախութեամբ 30 աշակերտներ կը յանձնէ կեանքին:

Տիկ. Պոյաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք վստահեցան այս հայաշունչ դարբնոցին առաքելութեան ու հաւատք ընծայեցին անոր կարողութեան, ուր  հայ աշակերտը ոչ միայն կը զինուի անհրաժեշտ գիտութիւններով, այլ նաեւ անոր մէջ կը կոփուի ազգային պատկանելիութեան ոգին եւ կը կերտուի անոր հայու նկարագիրը: Ան խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով ըսաւ. «Վաղուընէ սկսեալ դո՛ւք կը սկսիք ստանձնել ձեր կեանքին ղեկը եւ տնօրինել զայն, ուստի, մաղթանքս է որ ձեր վարքով ու բարքով պատիւ բերէք ձեր ընտանիքին, ձեր դպրոցին ու ձեր ազգին: Եղէք աշխատասէր եւ միշտ ձգտեցէք լաւագոյնին: Յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեզի: Աստուած միշտ ձեզի հետ ըլլայ ու պահէ ձեզ ամէն փորձանքներէ»:

Յայտագրին գեղարուեստական բաժնով Յովսէփ Եուսէֆ ելոյթ ունեցաւ կիթառի նուագով մը, իսկ խմբերգով ներկայացուեցաւ «Պապենական Կիլիկիա» եւ «Գետաշէն» երգերը:  Արաքս Չերչեան՝ հայերէն, Էլիանոր Ուաննուս՝ արաբերէն, Կալի Գոնճեան՝ անգլերէն, եւ Կասիա Արսլանեան՝ ֆրանսերէն ուղերձներով փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքը:

Շրջանաւարտներ Ճոյս Մալտոսեան եւ Մարիանա Վարդանեան դպրոցի վահանը փոխանցեցին 11-րդ դասարանի երկու աշակերտներու՝ Ասատուր Պասմաճեանին եւ Կրէյս Նատէրին, որպէսզի գալիք սերունդը շարունակէ վարժարանին գոյերթը:

Օրուան հովանաւոր՝ զօրավար Շամէլ Ռուքոզին մասին տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, զօրավարը իր սրտի խօսքը փոխանցելով աշակերտներուն ըսաւ. «Սորվեցէք պատմութիւնը, ինչպէս հայոց պատմութիւնը, որպէսզի գիտնաք թէ իրաւունքը չի մեռնիր, թէկուզ անցնի հարիւր տարի: Սորվեցէք լեզուներ, որպէսզի կարենաք իրաւացի խօսքը ըսել, որքան ալ դժուար ըլլայ այդ մէկը: Կառչած մնացէք ձեր լեզուին՝ հայերէնին, որմով դուք աշխարհի ժողովուրդին օրինակ կը ծառայէք, որովհետեւ կրցաք պահել ձեր լեզուն եւ ինքնութիւնը»: Զօրավարը իր խօսքը փակեց խրատելով աշակերտներուն, որ գիտութեամբ զինուին, բայց չմոռնան սկզբունքները, իրենց ուսումը բարձր դիրքերու հասցնեն, բայց չմոռնան իրենց պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները:

Ս. Խաչ-Հարպոյեանի տնօրէնուհին յուշանուէրով մը պատուելէ ետք զօրավար Շամէլ Ռուքոզը, հրաւիրեց գերապայծառ Մուրատեանը, որպէսզի երեքով կատարեն վկայականաց բաշխումը: Վկայականներու բաշխման ժամանակ տնօրէնութեան կողմէ գնահատանքի յուշանուէրով մը պարգեւատրուեցան աւարտական դասարանի գերազանց աշակերտները: Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ 12-րդ դասարանի լաւագոյն երեք միջիններ ապահոված, ինչպէս նաեւ պրէօվէյի պետական քննութեան յիշատակութեամբ յաջողած աշակերտներու պարգեւատրումը՝ «Յարութիւն եւ Արաքսի Պոյաճեան» Ֆոնտին կողմէ, ձեռամբ Օրդ. Արաքսի Պոյաճեանի:

Զմմառու վանքի մեծաւոր՝ գերապայծառ Հայ Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեանը խօսք առնելով ըսաւ աշակերտներուն. «Դուք շատ յոգնեցաք ու սորվեցաք, բայց հիմա կը սկսի երկար ճամբան, որ լեցուն է դժուարութիւններով, մանաւանդ լիբանանեան շրջանակին մէջ: Հետեւաբար, ըլլալով տիպար, քաղաքավար ու հաւատացեալ անձեր, եւ մերժելով չարն ու մեղքը, շրջանակը պիտի բարելաւուի իր երիտասարդութեամբ եւ նոր սերունդով»: Ան նաեւ խրատեց աշակերտները միշտ յիշելու, որ իրենք զաւակն են հայ պայքարող ազգին, ինչպէս նաեւ որ կը պատկանին Լիբանանին, որուն հանդէպ պէտք է հաւատարիմ մնալ:

Գերապայառ հօր «Պահպանիչ»էն ետք, տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիսութիւնը պատրաստող ուսուցչուհիներուն եւ բոլորը հրաւիրեց դպրոցին բակը, ուր շրջանաւարտները շնորհաւորութիւններ ընդունեցին, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 Ընկերատնտեսական Բաժանմունք (Socio-Economics).

Կասիա Այրանեան, Կրէկորի Ֆրէնկիչեան, Քրիսթինա Հէյպէլեան, Ալէն Գալայճեան, Կալի Գոնճեան, Ռիթա Բարսեղեան, Կատֆրի Սէօքիւնեան, Անիթա Շիրվանեան:

 Կենսաբանական Բաժանմունք (Life Science).

Կասիա Արսլանեան, Սարին Պէրպէրեան, Սելին Տէր Փիլիպոսեան, Քեվըն Հալէպեան, Ժան-Փոլ Գալենտէրեան, Շաղիկ Քիպարեան, Թալին Չանկիւլեան, Էլիանոր Ուաննուս, Էլիսա Ուաննուս:

Ընդհանուր Գիտութեանց Բաժանմունք (General Sciences).

Մարչելինօ Ղըրայէպ, Ճոյս Մալտոսեան, Մայք Սանօ, Էմմա Ուաննուս, Յովսէփ Եուսէֆ:

Արուեստից Բաժանմունք (BT3).

Մայք Առաքել, Ազնիւ Տէր Սահակեան, Կրէկորի Յակոբեան, Ժան-Ժագ Յակոբեան, Քրիսթին Գասպարեան, Նաթալի Խաչերեան, Արաքս Չերչեան, Մարիանա Վարդանեան:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 








All the contents on this site are copyrighted ©.