2016-07-06 08:53:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Ո՞վ Կը Ներէ

Մեզի այնպէս կը թուի, թէ ամէն մարդ չի՛ կրնար ներել:

Ներելը մասնաւոր կարողութեան խնդիր է, որ ամէն մարդու տրուած չէ՛: Գիտակցութեան ամէնէն վաղ տարիքէն սկսեալ, ՜՜ներել՜՜ կը դժուարանան անոնք, որոնք այս կարողութենէն զրկուած են ի ծնէ: Հանդիպած էք, հաւանաբար, այնպիսի երեխաներու, որոնց երբ ըսէք «ներողութիւն խնդրէ՛», կը հակառակին, ու իրենց ուսերը թօթուելով կը հեռանան: Իսկ ուրիշներ, նոյնիսկ եթէ դիմացինը անարդար եղած է իրենց նկատմամբ, հանգիստ խիղճով ներողութիւն կ՛ըսեն, ու դեռ աւելին, կը գիրկընդխառնուին եւ կը համբուրեն զիրենք վշտացնողը: Մարդու տեսակ է այս, նոյնիսկ եթէ ընդունինք, թէ բոլորս ալ ադամորդիներ ենք:

Քրիստոնէական բարոյագիտութեան հիմքը եթէ սէրն է, ապա այդ հիմին վրայ կառուցուած շէնքին երդիքը ծածկողը՝ ներումն է: Այնքան նուրբ է ներումի գաղափարը, որ ճիշդ բացատրութեան եւ ուղիղ մեկնաբանութեան կը կարօտի: Այլապէս, շուտով անիկա կը թարգմանուի իբրեւ տկարութիւն: Ոմանց կարծիքով, ՜՜ներել՜՜ կը նշանակէ պարտութիւն իսկ  ՜՜չներել ու  վրէժ լուծել՜՜ յաղթանակ:

Բարոյագիտական օրէնքները, մարդկային փոխյարաբերական կեանքը դիւրացնելու եւ կանոնաւորելու կը ծառայեն, եւ ո՛չ թէ նոր բարդութիւններ ստեղծելու, կամ դժուարացնելու զայն: Կան մարդիկ որոնք թիւրիմացութեան մը պարագային, խնդիրը չերկարելու նպատակով, շուտով ներողութիւն կը խնդրեն դիմացինէն, պարզապէս վերջ դնելու համար վիճաբանութեան, որ կրնար կռիւի փոխուիլ: Սա ոմանց կարծիքով տկարութիւն է: Սակայն, խորքին մէջ աւելի՛ հզօր է, քան կռիւը: Որովհետեւ կռիւի արդիւնքը ո՛չ ոք կրնայ գուշակել: Թերեւս պարտութեան մատնուէր ենթական, եթէ շարունակէր վիճաբանիլ, եւ կամ ընդհակառակը՝ յաղթական դուրս գար: Ատիկա պիտի մնար ենթադրութեան սահմանին մէջ: Մինչդեռ վիճաբանութեան սկզբնաւորութեան իսկ ներողութիւն խնդրելով, թէ՛ առաջքը առած եղաւ կռիւին եւ թէ յաղթական դուրս եկաւ:

Ներումին աստուածաբանական նշանակութիւնը եթէ ուզենք բացատրել, վեհ ու սուրբ ոլորտներու մէջ պէտք է ճախրենք, ինչպիսին է Խաչի բարձունքը, Գողգոթայի վրայ կանգնած: Աստուածային ներումէն աւելին չէ՛ եղած ցարդ պատմութեան մէջ: Զինք խաչողներուն երբ ներեց Աստուած, ալ տեղ չմնաց մարդուն, պատճառաբանելու եւ հակառակելու, որպէսզի ինք ալ ներէ իր նմանին: Փաստօրէն Աստուծմէ աւելի բարձրը չկա՛յ: Իսկ ո՞վ է մարդը, բաղդատած Աստուծոյ. ոչնչութիւն… Ուրեմն, այս ոչնչութիւնը եթէ համարձակեցաւ չարչարել իր Աստուծոյն, իսկ Աստուած ներեց Իր ստեղծածին, մարդը ինչո՞ւ պիտի չկարենայ ներել իր նմանին:

Պարսկերէն առածը կ՛ըսէ. «Խանը կը ներէ, իսկ խանըմը՝ ո՛»չ:

Խանը իշխանաւորն է: Հրահանգող է ան, որուն հրամաններուն կ՛ենթարկուին բազմութիւններ: Անցեալին, խաները կամ իշխանաւոր մարդիկ, երկու կողմերու միջեւ ծագած վէճերու պարագային, ո՛չ թէ միջնորդի, այլ՝ դատաւորի դեր կը կատարէին, ու անոնց խօսքը ստիպողաբար ընդունելի էր բոլորին կողմէ: Իսկ խանին ամէնէն մեծ արժանիքը կը կայանար իր վեհանձնութեան մէջ, երբ խղճմտանք ցուցաբերելով, ներում կը շնորհէր մէկ անգամի համար սխալ գործած մարդուն, բայց ի տարբերութիւն աստուածային ներումին, ատիկա ձեւով մը  բարոյական մեծ դաս էր  անոր:

Ոխը, ատելութիւնը, քէնը եւ վրէժխնդրութիւնը դէմ են ներելու բարի տրամադրութեան: Ոխը կը յիշեցնէ անցեալին պատահած դէպքերը, ատելութիւնը կը հրահրէ թշնամանքը, քէնը՝ հաշտութեան բոլոր հաւանականութիւններուն արգելք կը հանդիսանայ, իսկ վրէժխնդրութիւնը՝ կռիւի փողը կը հնչեցնէ…

Խանը կը ներէ, իսկ խանըմը՝ ո՛չ:

Բարոյական տեսանկիւնէ, երկուքն ալ իրաւունք ունին: Խանը իր վեհանձնութեամբ մեծ բազմութիւններուն սիրտը կը գրաւէ ու այդ ձեւով իրեն կ՛ենթարկէ զանոնք, իսկ խանըմը՝ իր ընտանիքի նեղ սահմանին մէջ կիրարկած հականերումի քաղաքականութեամբ, իր հակակշռին տակ կը պահէ անհաւատարմութիւն ցուցաբերողը, հսկելով ընտանիքի բարոյականութեան:

Խանի հոգի ունենալու համար, սեփական վարժութիւն պէտք է ձեռք բերէ մարդ: Ներելու յաճախականութիւնը անպայման կ՛ազնուացնէ մարդը, անկախ անոր ներկայացուցած հանգամանքէն, կամ ունեցած պաշտօնէն:

Եթէ պիտի ներես՝ խանի՛ պէս ներէ, ո՛չ թէ մասնակի: Որովհետեւ մասնակի ներումին անպայման միախառնուած կ՛ըլլայ ոխը, ատելութիւնը, քէնը ու մանաւանդ վրէժխնդրութիւնը, որ ժամանակ առ ժամանակ յիշեցումներ պիտի կատարէ ետդարձի, լուծելու համար անցեալի հաշիւները:

Այո՛, խանը կը ներէ: Նմանինք անոր, վեհանձնութեամբ եւ մեծութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.