2016-07-05 10:36:00

Քրիստոս դիրքորոշում կը պահանջէ


«Ահաւասիկ երկինքէն իջած հացը, տարբեր այն հացէն, զոր ձեր հայրերը  կերան ու մահացան, իսկ այս հացէն կերողը՝ կ՛ապրի յաւիտեան» (Յովհ. 6, 58-69)։

Այսպէսով, Քրիստոս կ՛աւետէ ժողովուրդին եւ իր աշակերտներուն, թէ իր մարմինը եւ արիւնը կ՛ուզէ տալ՝ մարդերը կերակրելու համար։ Անոնց կը յայտնէ Սուրբ Հաղորդութեան էութիւնը․ «Մարմինս ճշմարիտ կերակուր է եւ արիւնս ճշմարիտ ըմպելի։ Ով որ ուտէ մարմինս եւ խմէ արիւնս՝ կը բնակի  իմ մէջս ու ես՝ անոր մէջ» (Յովհ.6, 55-56)։

Բնական է, մինչեւ այդ օր չլսուած խօսքեր են ասոնք… աներեւակայելի իրականութիւն մը կը բացուի ժողովուրդին առջեւ՝ բոլորովին գայթակղեցուցիչ նորութիւն մը։

Հակառակ անոր որ խնդրած էին «Տէր, միշտ տուր մեզի այն հացը» (Յովհ․ 6, 34), գանգատի  եւ վիճաբանութեան կը սկսին, բարձրաձայն կը բողոքեն. մենք կը ճանչնանք ասոր ծնողքը, ի՞նչպէս կը յանդգնի ըսել «Ես երկինքէն ի ջած եմ» (Յովհ. 6, 42)։… Ի՞նչպէս կրնայ տալ մարմինը մեզի, որ  ուտենք…։

Քրիստոս անվրդով՝ համբերութեամբ եւ յստակութեամբ քանի անգամ շեշտեց ու կրկնեց իր խօսքերը, սակայն անոնք անպատասխան մնացին ոչ միայն ամբոխին քով, այլ աշակերտներէն շատերն ալ հեռացան իրմէ։

Մարդկային բանականութիւնը կ՛ուզէ թափանցել աստուածային իմացականութեան եւ կարդալ հրագիր խորհուրդները. մարդուն անկարելի եղածը՝ Աստուծո՞յ ալ անհնարին է…։

Յիսուս, կարծես յուսախաբ եւ որոշ՝ վշտահար, կը դառնայ առաքեալներուն ու կ՛ըսէ.- «Դուք ալ կ՛ուզէք երթալ»։

Ինչպէս ամէն անգամ այսպիսի պարագաներուն մէջ, այսօր ալ Պետրոս կը պատասխանէ իր հարազատներուն սրտով եւ բերնով. «Տէր, որո՞ւն երթանք։ Դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս։ Մենք հաւատացինք եւ գիտցանք, թէ դուն Աստուծոյ Սուրբն ես»։

Փրկչին բացայայտ հարցումը կ՛ենթադրէ նոյնքան բացայայտ պատասխան։  Քրիստոս իր աշակերտները «կամ-կամի» բերել եւ «այո-ոչ»ի առջեւ կ՛ուզէ դնել։ Անոնցմէ կը պահանջէ դիրքորոշում եւ կեցուածքի վճռականութիւն։

Եւ աշակերտները անվերապահօրէն կը պարզեն իրենց որոշումը՝ Քրիստոսի հետ մնալու։ Քիչ մը երեւակայութիւն ունեցողը կրնայ մտաբերել այն վճռաժամը,  երբ  Տասներկուքէն  իւրաքանդիւրը – պիտի համարձակիմ ըսել – անմեղ եսասիրութեամբ եւ ինքզինք ցուցնելու բուռն ջանքով՝ կը յայտնէ աստուածային վարդապետին իր անհատական «Այո»ն։

Քրիստոս չուզեր իր խօսքերուն դրականացումը եւ ոչ ալ Սուրբ Հաղորդութեան հաստատելիք խորհուրդին վաւերացումը։ Աստուածորդին պէտք չունի մարդկային կնիքի ու ստորագրութեան։

Քրիստոսի ուզածն է լսել ու տեսնել իր ընտրեալներուն ազատակամ ու ակներեւ դիրքորոշումը եւ անձնական վճռականութիւնը։ Որովհետեւ, անոր ատելի են նենգամտութիւնը, լարախաղացութիւնը եւ երկու տէրերու ծառայելը։ Կը մերժէ քերականական «այս ալ – այն ալ» բացատրութիւնը, որուն իմաստի գործածութիւնը մարդերը փոխանցած են միայն մտքի ու սրտի առօրեային…։

Քրիստոսի բացարձակ սահմանումը կը շանթահարէ որեւէ երկուութիւն․ «Ով որ իմ կողմս չէ, ինծի հակառակ է» (Մատթ.12, 30)։

Քրիստոսեան կամ քրիստոսադէմ ըլլալու այս ընտրապայքարը աւելի քան երկու հազար տարեկան է։ Ամէն դարուն եւ ժամանակաշրջանին՝ Աստուածորդին ուղղած է միեւնոյն հարցումը։ «Դո՞ւք ալ կ՛ուզէք երթալ»։

Այսօր ալ Քրիստոս կը պահանջէ ու կը սպասէ մեր դիրքորոշումը․․․։ Պետրոսի բերնով Շաւարշանի հերոսներուն հետ բացայայտենք մեր կամքը․ «Տէ՛ր, որո՞ւն երթանք։ Դուն յաւիտենական կեանքի խօսքերն ունիս։ Մենք հաւատացինք եւ գիտցանք, թէ դուն Աստուծոյ Որդին ես»։








All the contents on this site are copyrighted ©.