2016-07-05 09:29:00

Սուրբ Երկրի կաթողիկէ առաջնորդները կ՛ողջունեն Հայր Փիցցապալլան։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Առաքելութիւնը որ ձեզ կը սպասէ դիւրին չէ, կը պահանջէ զոհողութիւն, նուիրում ու սէր։  Հովուական հարցերը չեն պակսիր եւ բոլորս ալ այս մասին տեղեակ են։ Նոր ճամբաներ բանալը դժուար է, հարկ է բլուրներ գլորել, ժայռեր պառակտել, հովիտներ լիացնել ու կամուրջներ կառուցել''։ Այս բառերով  որ Սուրբ Երկրի կաթողիկէ առաջնորդները ողջունեցին Ֆրանչիսկոս Պապէն նշանակուած Երուսաղէմի Լատանաց Պատրիարքութեան նոր առաքելական հոգաբարձուն` Հայր Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլան։ 

Կաթողիկէ առաջնորդները այս առթիւ հրապարակած իրենց նամակին մէջ մատնանշած են Հայր Փիցցապալլայի 12 տարիներ ամբողջ ծառայութեան` որպէս Սուրբ Երկրի պահակ ու այդ առաքելութեան ընթացքին տածած տքնաջան աշխատանքին։

Սուրբ Երկրի առաջնորդները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են թիկունք կանգնելու Հայր Փիցցապալլայի նոր առաքելութեան որպէսզի ''միասնաբար­, գրած են անոնք, կարենանք ծառայել բոլորին, ճամբաներ հարթելով ու կամուրջներ կառուցելով եւ խուսափելով մէկը միւսին արգելքներ յարուցելու փորձութենէն''։

''Գոհութիւն հայցենք Տիրոջ այն բաներուն որ միասնաբար պիտի իրականացնենք Անոր շնորհքով'', գրած են միշտ Սուրբ Երկրի Կաթողիկէ առաջնորդները ու նամակը եզրափակած են յորդորելով ''յառաջ ընթանալ առանց տատամսումի եւ առանց ետքայլի, միշտ իրար զիրար սիրելով, ամէնուրեք ու ամէն բանէ անդին''։








All the contents on this site are copyrighted ©.