2016-07-05 09:37:00

Նոր նշանակում ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան միջազգային կապերու վարչութեան ծիրէն ներս։


Յունիս 24-ին, կառավարական յատուկ հրամանագրով, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան պետ նշանակուեցաւ  հայրենադարձ Նայիրի Մկրտիչեան։

Նայիրի Մկրտիչեան ծնած է 1968 թուականին,  Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան  Գամիշլի քաղաքին մէջ:

2001 թուականին աւարտած է Պէյրութի «Համազգայինի հայագիտական հիմնարկի» «Լեզու եւ գրականութիւն» բաժինը:

2001 թուոականին վերջնական կայք հաստատած է Հայաստանի մէջ։

2003 թուականին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Բանասիրութեան բաժանմունքի «Կրթութեան կառավարում» բաժինը:

2001-2003 թուականներուն  եղած է ԱՄՆ-ի «Հայրենիք» թերթի լրագրողը Հայաստանի մէջ:

2003 թուականէն առ այսօր Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի թղթակիցն է Հայաստանի մէջ, հրապարակուած յօդուածներ եւ հարցազրոյցներ ունի Սփիւռքի եւ Հայաստանի տարբեր թերթերու մէջ:

Երկու տարի եղած է Tert.am լրատուական կայքի արեւմտահայերէն բաժնի խմբագիր:

2012 թուականին հիմնուած, Հայաստանի մէջ գործող միակ եւ Սփիւռքի առաջին արեւմտահայերէն «Եռագոյն» լրատուական կայքի հիմնադիրներէն է եւ երկու տարի եղած է այդ կայքին խմբագիրը:

2014-ի Սեպտեմբերէն 2016-ի Յունուարը վարած  է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի գլխաւոր  խմբագիրի պաշտօնը:

2016-ին նշանակուած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան պետ:

Կը տիրապետէ հայերէնի երկու ճիւղերուն, արաբերէն,  քրտերէն եւ անգլերէն լեզուներուն:

Ամուսնացած է, ունի մէկ դուստր:








All the contents on this site are copyrighted ©.