2016-07-05 16:07:00

Ծովու կիրակի օրուան առթիւ թափառաշրջիկներուն Քահանայապետական խորհուրդին պատգամը


(Ռատիօ Վատիկան) Ինչպէս ամէն տարի եկեղեցին կը նշէ  ծովու կիրակի օրը ,  այս տարի այդ օրը կը զուգադիպի`՝ կիրակի 10 յուլիս 2016-ին։

 ծովու կիրակի  օրը կը նշուի յիշատակելու եւ աղօթելու ծովու եւ նաւահանգիստներու մէջ գործող բոլոր  աշխատաւորներուն համար ինչպէս նաեւ  անոնց բոլոր  ընտանեկան պարագաներուն համար։

Ծովու կիրակի օրուան ձեռնարկը սկիզբ առած է 1975-ին, ծովու հովուական առաքելութեան  կողմէ, բարձր արժէքաւորելու համար՝  ծովային նիւթական ներդրումը  համաշխարհային տնտեսականութեան  ի սպաս։

Ծովու յիշատակի օրը ունի նաեւ համամիութենական բնոյթ, որովհետեւ աշխարհի բազմաթիւ  նաւահանգիստներուն մէջ տեղի կ՝ունենան ծովային աշխատաւորներու դիտաւորութեան աղօթքի ձեռնակներ,  կազամակերպուած քրիստոնեայ զանազան հասարակութիւններու կողմէ։

 2016 տարուան, ծովու օրուայ առթիւ  գաղթականներու ու թափառաշրջիկներուն քահանապետական խորհուրդը հրատարակեց պատգամը մը,  որուն մէջ նշուած է

թէ մեր տուներու մէջ՝  բազկաթոռներու վրայ բազկատարած  կարելի չէ հասկնալ թէ ինչքանով մեր կեանքը կախեալ է ծովային աշխատաւորներէն։ Եթէ մեր շուրջը նայինք  պիտի կարենանք անդրադառնալ  թէ մեզ շրջապատող բոլոր իրերը փոխադրուած են նաւերով։

Պատգամի մէջ նշուած է նաեւ որ  աւելի քան 1.200.000 բոլոր ազգերէն կազմուած ծովայինները  իրենց կեանքը վտանգելով, ծովու միջոցաւ կը փոխադրեն  մեր կարիքները գոհացնող առարկաներու եւ  պիտոյքներու 90 առ հարիւրը։

Ծովային աշխատաւորները ընդհանրապէս կ՝ապրին ընտանեկան դժուար պայմաններուն մէջ, որովհետեւ անոնք  ամիսներ շարունակ  հեռու կը մնան իրենց հարազատներէն, բարեկամներէն։ Անոնց զաւակները կ՝աճին յաճախ առանց իրենց հօր ներկայութեան ։ 

Քաջալերուած Ֆրանչիսկոս Պապի ծովու հովուական առաքելութեան մատրանապետներու եւ կամաւորներուն ուղղած յորդորէն ''արձագանգել  ձայնը այն բոլոր աշխատաւորներուն,  որոնք կ՝ապրին իրենց սիրելիներէն հեռու, եւ կը դիմագրաւեն դժուարին պայմանները'',  Մենք որպէս ծովու առաքեալներ, պէտք ենք   թիկունք կանգնիլ ծովայիններուն, բացագանչելու եւ պաշտոնեանելու իրենց մարդկային իրաւունքները'' գրուած է Ծովի Կիրակի օրուայ առթիւ հրապարակուած պատգամին մէջ որուն աւարտին  գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներուն Քահանայապետական խորհուրդը  բոլոր քրիստոնեայ հասարակութիւններուն եւ իւրաքանչիւր անհատին կը յիշեցնէ  թէ ծովային արհեստը եւ գործարարութիւնը էական մաս կը կազմէ  մեր առօրեայ կեանքին։  

Գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներուն Քահանայապետական խորհուրդի պատգամը եզրափակուած է կոչով մը ուղղուած բոլոր եպիսկոպոսներուն՝ ու յատուկէն ծովային թեմերու եպիսկոպոսներուն, հաստատելու եւ աջակցելու ծովային հովուական առաքելութիւն մը  որպէս շօշափելի մօտիկութիւն բոլոր անոնց նկատմամբ որոնց կարելի չէ երաշխաւորել սովորական հովուական խնամակալութեան''








All the contents on this site are copyrighted ©.