(Ռատիօ Վատիկան) Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն Քահանայապետական բարեսիրական հաստատութիւնը 2015 տարուայ ընթացքին նուիրատուութիւններ ստացած է 124,1 միլիոն եւրոյի որոնց միջոցաւ 146 երկիրներու մէջ իրագործուած են 6.209 ծրագիրներ, յատկապէս Ափրիկեան ցամաքամասին ու Միջին Արեւելքի մէջ։
2011-էն մինչեւ այսօր Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական հաստատութիւնը 47 միլիոն 530 հազարի ներդրումներ կատարած է Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ օգնութեան հասնելով բազմաթիւ կարիքաւոր անհատներուն։ Այս ծիրէն ներս Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեգործական հաստատութեան օգնութիւններու շնորհիւ` Իրաքի մէջ 125 հազար քրիստոնեաներ, որոնք փախուստ տուած են ՏԱՀԵՇ-ի վայրագութիւններէն եւ իրենց ամէն ինչքերը թողելով ապաստան գտած են Իրաքի Քիւրտեստանի շրջանին մէջ, այսօր ունին իրենց յատկացուած բնակավայրեր ու դպրոցներ եւ անոնց ապահովուած է ուտեստեղէն ու առողջապահական խնամք։
2015 տարուայ ընթացքին Քահանայապետական Հիմնադրամը համայն աշխարհին մէջ օգնութեան հասած է Եկեղեցիներու պիտոյքներուն սատարելով 1674 եկեղեցիներու, մատուրներու, նորընծայարաններու, հովուական կեդրոններու եւ այլ կրօնական կառոյցներու, վերաշինութեան կամ կառուցման աշխատանքներուն, այնպէս ինչպէս բազմաթեւ Քահանաներու օգնութեան։
Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական հաստատութեան ծրագիրներէն մին է նաեւ քահանաներուն, կրօնաւորներուն ու կրօնաւորուհիներուն ապահովել կազմաւորումի դասընթացքներ։ Այս առընչութեամբ 2015 տարուայ ընթացքին 10 նորընծաներու վրայ մէկը կարողացաւ ուսումը աւարտել շնորհիւ տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն Քահանայապետական բարեսիրական հաստատութեան օժանդակութիւններուն։
All the contents on this site are copyrighted ©. |