2016-07-04 13:34:00

Պշարա Ռայի պատրիարքը հովուապետական այցելութեամբ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ հովուապետական այցելութեամբ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ, Օհայօ նահանգի Սինսինաթի քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ իր նախագահած պատարագին ընթացքին արտասանեց քարոզ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ եկեղեցիներուն բազմազանութիւնը երկրին վարչակարգին շնորհիւ է:

Ան նշեց, որ Լիբանանի ժողովրդավարական վարչակարգը կրօնի ազատութիւններ սահմանած է եւ երկրին մէջ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնն ու համերաշխութիւնը առկայ է` լիբանանեան կենցաղին առումով, ինչպէս նաեւ երկու կրօններուն ներկայացուցիչները հաւասար չափով կը տնօրինեն պետական հաստատութիւններուն ու վարչութիւններուն աշխատանքները:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ քրիստոնեայ համայնքը մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Լիբանանի բարգաւաճման եւ ազատութեան արժէքներուն առումով:

Ռայի անդրադարձաւ նաեւ ահաբեկչութեան հարցին, շեշտելով, որ իսլամականութիւնը չի կրնար լուռ մնալ այն ճշմարտութեան դիմաց, որ ահաբեկիչները իր անունով կը գործեն իրենց ոճիրները:

Ան կոչ ուղղեց զանազանելու իսկական իսլամականութեան եւ ահաբեկչութեան ենթադրած իսլամականութեան միջեւ:

«Իսլամականութեան չափաւորականութեան ձայնը պէտք է բարձրանայ եւ ահաբեկչութիւնը պէտք է կատարեալ անկեղծութեամբ դատապարտուի` իսլամական բարձրագոյն մակարդակներուն վրայ», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.