2016-07-04 10:07:00

Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած ականահարումները հարիւրաւոր զոհեր խլեցին


Շաբաթ 2 յուլիս 2016-ին.  Պաղտատի շիիներով բնակուած Քարրատա թաղամասին մէջ մեծ պայթում մը արձանագրուեցաւ: Ժողովրդային սրճարանի մը մօտ կանք առած ականուած ինքնաշարժ մը պայթելով` ըստ իրաքեան ոստիկանութեան, պատճառեց 125 զոհ եւ 150 վիրաւոր:

Շաբաթ կէս գիշերին մէկ այլ ական մը պայթեցաւ` հիւսիսային Պաղտատի շիիներով բնակուած շրջանի մը մէջ` պատճառելով բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ:

Քարրատայի մէջ տեղի ունեցած պայթումը իր զոհերու թիւով այս տարի Իրաքի մէջ արձանագրուած մեծագոյնն էր: ՏԱՀԵՇ ստանձնեց պայթումներուն պատասխանատուութիւնը:

Իրաքի վարչապետը կիրակի առաւօտեան այցելեց Քարրատա թաղամասին մէջ պայթումին վայրը, ուր զինք դիմաւորեց զայրացած ամբոխ մը: Վարչապետը խոստացաւ պատժել ահաբեկիչները` աւելցնելով, որ ահաբեկիչները ականահարումներու կը դիմեն, որովհետեւ պատերազմի դաշտին վրայ իրենց կրած իրերայաջորդ պարտութիւններէն յուսահատած են:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմի դատապարտեց ականահարումը` նշելով, որ Իրան Իրաքի  կառավարութեան ու ժողովուրդին կողքին պիտի կանգնի մինչեւ ահաբեկչութեան ամբողջական պարտութիւնը:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին նշեց, որ Գահիրէն ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէ Իրաքին եւ կը վերահաստատէ ահաբեկչութեան դէմ Իրաքի կողքին կանգնիլը:

Մինչ այդ` Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի Պաղտատի մէջ հանդիպում ունեցաւ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութեանց վերաբերող հարցեր:

Շուքրի յայտնեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտելֆաթթահ Սիսի կ՛ողջունէ Ֆալուժայի մէջ իրաքեան ուժերուն արձանագրած յաղթանակները` աւելցնելով, որ Եգիպտոս ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ կ՛աջակցի Իրաքի կառավարութեան եւ ժողովուրդին:

Ապատի իր կարգին կարեւոր նկատեց երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութիւնները` աւելցնելով, որ Իրաք կը գիտակցի Եգիպտոսի մեծ դերակատարութեան եւ շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման համար անոր հետ համակարգում կատարելու կարեւորութեան:

Նշենք, որ Շուքրի շաբաթ օր հանդիպում ունեցած էր իրաքցի իր պաշտօնակից Իպրահիմ Ժաաֆարիին հետ: Վերջինս նշած էր, որ Իրաքի արձանագրած յաղթանակը Եգիպտոսի եւ բոլոր արաբական երկիրներուն յաղթանակն է:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.