2016-07-04 13:06:00

Գոհար խաչատուրեան կը ստանայ Հռոմի Պապին օրհնագիրը


Հայաստան կատարած իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը առաքելական օրհնագիր շնորհեց ԳՈՀԱՐ նուագախումբի եւ երգչախումբի հիմնադիր Գոհար Խաչատուրեանին: Այս մասին կը յայտնէ “Ազդակ”-ը:

Գիւմրիի «Վարդանանց» հրապարակին վրայ Հռոմի պապին մատուցած պատարագին ընթացքին, ինչպէս նաեւ Գիւմրիի կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ ԳՈՀԱՐ երգչախումբի հոգեւոր երգերուն կատարումները հիացուցած են Ֆրանչիսկոս պապը:

Կաթողիկէ քահանայապետը գնահատած է 1996-էն ի վեր Գիւմրիի մէջ գործող լիբանանահայ Գոհար Խաչատուրեանի եւ անոր ընտանիքին աշխատանքը: Անոնց հովանաւորութեամբ աշխատատեղեր ստեղծուած են հազարաւոր գիւմրեցիներու համար: 1997-1999 թուականներուն Գոհար Խաչատուրեանի զաւակները` Յարութ, Շահէ եւ Նար Խաչատուրեանները, Գիւմրիի կեդրոնին մէջ կառուցած են համալիր մը, ուր բնակութիւն հաստատած են երկրաշարժէն անպատսպար մնացած ժողովուրդը:

Անոնք հիմնած են նաեւ Գիւմրիի ԳՈՀԱՐ երաժշտանոցը, ուր աշակերտներուն տրուած է անվճար սորվելու հնարաւորութիւն. անոնց տրամադրուած են նաեւ անվճար երաժշտական գործիքներ:

2000 թուականին Խաչատուրեան ընտանիքը հիմնած է հայկական ամենամեծ երաժշտական խումբը` ԳՈՀԱՐ սիմֆոնիք նուագախումբն ու երգչախումբը, որ աշխարհի շարք մը երկիրներու մէջ համերգներ տուած է` իւրաքանչիւր համերգի հասոյթ յատկացնելով բարեգործական նպատակի:

Նշենք նաեւ, որ Գոհար Խաչատուրեան այս տարի արժանացած է նաեւ «Գիւմրու տարուան երախտաւոր» տիտղոսին, որ ամէն տարի կը շնորհուի «Գիւմրու տարուան մարդ» յանձնաժողովին կողմէ








All the contents on this site are copyrighted ©.