2016-07-02 08:31:00

Ֆրանսայի ԱԺ միաձայն ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը


Ֆրանսայի Ազգային ժողովը միաձայն կողմ քուէարկած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նախագիծին, որ Խորհրդարանի քննարկման ներկայացուցած էր Ֆրանսայի կառավարութիւնը: Այս մասին «Արմենփրես»-­ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրադ Փափազեանը:

 «Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւորները միաձայն կողմ քուէարկած են կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծին, որով կ՛առաջարկուի քրէականացնել Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը: Նախագիծը Սեպտեմբերին պիտի քննարկուի Ծերակոյտին մէջ, ուր հաստատուելու պարագային կրկին պիտի վերադառնայ Ազգային ժողով վերահստատուելու համար»,-­ ըսած է Փափազեան` աւելցնելով, որ ներկայ բոլոր 21 պատգամաւորները կողմ քուէարկած են նախագիծին:

 Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին վրայ աշխատած են Ֆրանսայի կառավարութեան եւ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու իրաւաբանները: Բնագիրը մշակուած է Ֆրանսայի Սահմանադրութեան համապատասխան եւ հայ համայնքի համար ընդունելի տարբերակով:

«Ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծ»-ին բնագիրը Ֆրանսայի կառավարութիւնը հրապարկած է Յունիս 29-­ին: Փոփոխութեամբ կը նախատեսուի մէկ տարի ազատազրկում կամ 45.000 եւրոյի չափով տուգանք սահմանել Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ժխտելուն համար:

Ան աւելցուցած է, որ այժմ հայկական համայնքը պէտք է լուրջ աշխատանք տանի, որպէսզի նախագիծը հաստատուի նաեւ Ծերակոյտին կողմէ` նկատելով, որ այդ ընթացքին Թուրքիան ալ իր լծակներով պիտի փորձէ ամէն ինչ ընել` Ծերակոյտին կողմէ նախագիծին հաստատումը կանխելու համար:

«Թուրքիան, ի հարկէ, չէր սպասեր, որ Ազգային ժողովը այսքան արագ նման որոշում կայացնէ: Անոնք կը փորձէին ճնշում գործադրել կառավարութեան վրայ եւ նախագահ Օլանտէն կը պահանջէին ետ կանչել օրինագիծը, սակայն ատիկա չեղաւ: Հիմա մենք պէտք է լուրջ ջանքեր գործադրենք, եւ ես համոզուած եմ, որ յաղթանակ պիտի տանինք»,-­ ըսած է Փափազեան:

«Այս տարուայ Յունուար 25-­ին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն յանձնարարեց առաջարկել Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացող օրէնքի բնագիր մը, որ կը համապատասխանէ նաեւ Սահմանադրութեան: Հայկական կազմակերպութիւններու մասնագէտները աշխատեցան ֆրանսացի իրաւաբաններու հետ` մեզի համար ընդունելի եւ Սահմանադրութեան համապատասխանող օրէնքի բնահիր մը մշակելու համար: Նախագիծը հաւասար է հակառասիստական եւ հակասեմիտական օրէնքներու բնագիրներուն»,-­ ըսած է Փափազեան:  Անոր խօսքով` օրինագիծի բնագիրին մէջ իբրեւ ցեղասպանութեան օրինակ կը նշուի Հայոց եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.