2016-07-02 14:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը ''Միասին Եւրոպայի համար'' ձեռնարկի մասնակցողներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Գերմանիոյ Մոնաքօ քաղաքին  մէջ, այսօր`  2 յուլիս 2016ին, կ՛եզրափակուի  ''Միասին, Եւրոպայի համար'' խորագիրով ձեռնարկին չորրորդ փուլը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին քրիստոնեայ  զանազան հասարակութիւններու ու եկեղեցական բազմաթիւ շարժումներու ներկայացուցիչներ։

Ձեռնարկի նպատակն է աջակցիլ՝ կեանքի, արարչագործութեան պահպանութեան, ընտանիքին, հաւասարակշիռ տնտեսականութեան, աղքատներուն եւ անբարենպաստ պայմաններու մէջ ապրող անձերուն, համերաշխութեան, խաղաղութեան, քաղաքի բարիքին ինչպէս նաեւ Եւրոպայի ցամաքամասի եղբայրականութեան։

Վերոնշեալ ձեռնարկի առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ժողովականներուն յղեց լսատեսողական պատգամ մը որուն մէջ ըսաւ.

''Միասին Եւրոպայի համար'' ձեռնարկի սիրելի բարեկամներ, գիտեմ թէ համախմբուած էք Պավիերայի Մոնաքոյի մէջ, որպէս նիւթ ունենալով ''Հանդիպում, հաշտութիւն եւ ապագայ''։ 

Իրաւունք ունիք։ Ժամն է միասին համախմբուելու ու եւրոպական իսկական հոգիով միասնաբար դիմագրաւելու մեր ժամանակակից հարցերը։ Բացի տեսանելի պատնէշներէն, կ՛իրականանան նաեւ անտեսանելի պատնէշներ որոնք կը մտին բաժնել այս ցամաքամասը։ Պատեր որոնք կը բարձրանան մարդոց սրտերուն մէջ։ Վախէ ու յարձակողական դիրքէ Պատեր, տարբեր ծագումով ու կրօնական համոզումով անձերու նկատմամբ հասկացողութեան պակասի պատեր։ Քաղաքական եւ տնտեսական եսասիրութեան պատեր, որոնք չեն յարգեր կեանքը եւ ամէն անհատի արժանապատուութիւնը։

Եւրոպան կը գտնուի բարդ ու խիստ շարժումի մէջ գտնուող աշխարհի մը մէջ որ միշտ աւելիով համաշխարհայնացած է ու դարձած է միշտ աւելի նուազ Եւրոկեդրոն ։

Եթէ ընդունինք այս կարեւոր հարցերը պէտք է քաջութիւնը ունենանք ըսելու. ''Կարիքը ունինք փոփոխութեան։ Եւրոպան կանչուած է խորհրդածելու եւ հարց տալու եթէ իր քրիստոնէութեամբ տոգորուած հսկայական ժառանգութիւնը, կը պատկանի պարզապէս թանգարանի մը եւ կամ տակաւին ի վիճակի է ներշնչել մշակոյթը ու համայն մարդկութեան նուիրել իր գանձերը։

Դուք համախմբուած էք միասնաբար դիմագրաւելու Եւրոպայի այս բաց մարտահրաւէրները եւ ի յայտ դնելու քաղաքացիական ընկերութեան մը վկայութիւնները որ կը գործէ ցանցային կերպով ի խնդիր հիւրընկալութեան եւ զօրակցութեան, ի սպաս աւելի տկարներուն եւ անբարենպաստներուն, կառուցելու համար կամուրջներ ու յաղթահարելու ըլլայ յայտարարուած, ըլլայ թաքուն հակամարտութիւնները։ 

Եւրոպաի պատմութիւնը շարունակական հանդիպում է Երկնքի ու երկրի միջեւ. Երկինքը ցոյց կու տայ վերացականի` Աստուծոյ նկատմամբ բացուածք որ միշտ յատկանշած է եւրոպացի անհատը եւ երկիրը կը ներկայացնէ անոր գործնական ու առարկայական կարողութիւնը դիմագրաւելու հարցեր եւ իրադարձութիւններ։

Դուք եւս, քրիստոնեայ հասարակութիւններ եւ շարժումներ որ ծնունդ առիք եւրոպայի մէջ, կը կրէք բազմաթիւ խարիզմներ, Աստուծոյ պարգեւներ` տրամադրելի ուրիշներուն։

''Միասին Եւրոպայի համար''  համախմբութեան ուժ մըն է որուն յստակ նպատակն է քրիստոնէութեան հիմնական արժէքները թարգմանել տագնապի մէջ գտնուող ցամաքամասի մը մարտահրաւէրներուն առարկայական պատասխանի։

Ձեր կեանքի ապրելակերպը կը հիմնուի փոխադարձ սիրոյ վրայ ապրուած աւետարանի արմատականութեամբ։ Փոխադարձութեան մշակոյթ մը կը նշանակէ բաղդատել, յարգել,ընկալել ու մէկը միւսին թիկունք կանգնիլ։ Կը նշանակէ արժէքաւորել խարիզմներու բազմազանութիւնը ու զանոնք զուգամիտել դէպի միասնութիւն ու այդ միասնութիւնը  հարստացնել։ Քրիստոսի թափանցիկ եւ շօշափելի ներկայութիւնը ձեր մէջ, վկայութիւնն է որ կը մղէ հաւատալու։ 

Ամէն մէկ իսկական միութիւն կենդանի է իր կազմուած բազմազանութեան հարստութեամբ, ինչպէս է  ընտանիքը` որ աւելիով միացած է, այնքանով որ անոր ամէն մէկ  բաղադրիչը կարող է մինչեւ վերջ ու անվախ ինքզինք ըլլալ։ Եթէ Եւրոպան կ՛ուզէ ժողովուրդներու ընտանիք մը ըլլալ, թող մարդ էակը ընտրէ որպէս կեդրոն, թող ըլլայ բաց եւ հիւրընկալ ցամաքամաս ու շարունակէ իրականացնել համագործակցութեան ծրագիրներ ոչ միայն տնտեսական գետնի վրայ, այլեւ ընկերային եւ մշակութային ծիրէն ներս։

Աստուած միշտ նորութիւններ կը բերէ։ Քանի անգամ այս մէկը փորձարկեցիք ձեր կեանքին մէջ։ Այսօր եւս բա՞ց ենք այս անակնկալներուն։ Դուք որ քաջութեամբ համապատասխանեցիք Տիրոջ կոչին, կանչուած էք ցոյց տալու կեանքի նորութիւնները եւ ծաղկեցնելու Աւետարանի պտուղները, պտուղներ ծլած քրիստոնէական արմատներէն, որոնք 2000 տարիներէ ի վեր կը սնանեն Եւրոպան։ Պիտի կրէք ապա աւելի մեծ պտուղներ։ Պահպանեցէք ձեր խարիզմներու թարմութիւնը։ Կենդանի պահեցէք ձեր ''միասնականութիւնը'' ու զայն տարածեցէք։ Այնպէս ըրէք որ ձեր տուները, ձեր հասարակութիւնները եւ ձեր քաղաքները ըլլան հաղորդութեան, բարեկամութեան եւ եղբայրութեան գիտաշխատանոց, կարող ներառնելու եւ բաց` համայն աշխարհին։

Միասին Եւրոպայի համար։ Այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է։ Բազմաթիւ ազգերու Եւրոպայի մէջ դուք կը վկայէք թէ մենք զաւակներն ենք միակ Հօր եւ մեր միջեւ եղբայրներ ու քոյրեր։ Եղէք յոյսի թանկարժէք սերմ, որպէսզի Եւրոպան վերագտնէ իր կոչումը` նպաստելու  համար բոլորին միասնութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.