2016-07-02 07:58:00

Սլովաքիոյ հարիւրաւոր երիտասարդներ յետիոտն կ՝ուղղուին դէպի Քրաքովիա


(Ռատիօ Վատիկան) Սլովաքիոյ հարիւրաւոր երիտասարդներ պատրաստութիւն կը տեսնեն ոչ միայն հոգեպէս այլ՝ մարմնապէս, մասնակցելու համար Լեհաստանի՝ Քրաքովիա քաղաքին մէջ կայանալիք ՝՝Երանի ողորմածներուն, որովհետեւ ողորմածութիւն պիտի գտնեն՝՝ խորագիրը կրող, համաշխարհային երիտասարդաց հաւաքին,  զոր տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ՝ 26-31 յուլիս 2016-ին եւ որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Սլովաքիոյ հարիւրաւոր երիտասարդներ յետիոտն պիտի ուղղուին Քրաքովիա քաղաք, ի փորձ դնելու համար ոչ միայն իրենց հոգեւոր ուժականութիւնը,  այլ՝ նաեւ մարմնականը։  

Սլովաքիոյ երիտասարդներուն,  դէպի Քրաքովիա  ուխտագնացութիւնը կազմակերպիչներու վկայութեամբ, երիտասարդները  ամիսներէ ի վեր մեծ նուիրումով պատրաստութիւններ կը տեսնեն  համաշխարհային հաւաքին մասնակցելու համար, մասնաւորապէս՝  տեղեկութիւններ քաղելով նաեւ  Ողորմածութեան զանազան երեւոյթներու մասին։

''Երիտարդաց համաշխարհային հաւաքին վայրը,  յիշել կու տայ երկու մեծ Սուրբեր , Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետ եւ  Սրբուհի Ֆաուսթինա Քովալսքան,  առ այդ՝ այս երկու մեծ սուրբերուն ապրած կեանքի ընդմէջէն, եւ աշխարհի ուղղած պատգամներէն  քաղած ենք  Ողորմածութեան զանազան յատկանշիշեր՝՝ ըսած է ուխտագնացութեան հոգեւոր բաժանմունքին պատասխանատու ՝Տիար Փավոլ Տանքօ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.