2016-07-02 08:03:00

Լեհաստանի մէջ քրիստոնեայ եկեղեցիներու համատեղ յայտարարութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 30 յունիս 2016-ին, Վարսավիայի մէջ Կաթողիկէ, Օրթոտոքս եւ աւետարանական  եկեղեցիներու  ներկայացուցիչներ, ստորագրած են համատեղ յայտարարութիւն մը,   որուն մէջ նշուած է ՝՝ Եւրոպայի ժողովուրդները, այնպէս ինչպէս մեր ցամաքամասի եկեղեցիները, այսօր՝ պէտք են դիմագրաւել գաղթականներուն տագնապի մեծ մարտահրաւէրը։  

Եկեղեցիներու պարտականութիւնն է դաստիարակել սիրտերը՝ տառապեալներուն օգնութեան հասնելու համար,  օգնել բոլոր անոնց, որոնք փախուստ կու տան հակամարտութիւններէն,  հալածանքներէն ինչպէս նաեւ մահէն՝ շօշափելի ողորմութեան գործերով։

Համատեղ յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է նաեւ,  որ հիւրընկալութեան աւանդութեան պաշտպանութիւնը, եւ անոր ուղղութեամբ դաստիարակութիւնը, լեհաստանի մէջ կը նկատուի արտայայտութիւնը  քրիստոնէական զգայնութեան եւ ազգային աւանդութեան։

Լեհաստանի զանազան եկեղեցիներուն ներկայացուցիչները, իրենց հրապարակած միատեղ յայտարարութեան մէջ համոզմունք յայտնած են այն մասին, թէ տարածաշրջանի առկայ գաղթականներուն տագնապի գլխաւոր պատճառն է Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ տեղի ունեցող ընդհարումները։

Պատգամի  աւարտին անոնք ընդգծած են  խաղաղութեան ի սպաս աղօթքի կարեւորութիւնը, միջնորդներ ըլլալու  դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ կառավարիչներուն խղճմտանքին դիմելու անհրաժեշտութիւնը։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.