2016-07-01 09:01:00

Քոր Ունում. Բարեսիրական գործունէութեան կազմաւորումի դասընթացք։


(Ռատիօ Վատիկան) 29 Յունիսէն մինչեւ 2 Յուլիս Լիբանանի մէջ, Քահանայապետական Քոր Ունում - Մէկ սիրտ  բարեսիրական հաստատութիւնը, կազմակերպած է յատուկ կազմաւորումի դասընթացք, այն տեղական բարեսիրական գործերով զբաղող հաստատութիւններու պատասխանատուներուն համար, որոնց շարքին են 11 եպիսկոպոսներ ինչպէս նաեւ թեմերու բարեգործական ընկերակցութիւններու ներկայացուցիչներ որոնք կը գործեն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ։

Քոր Ունումի վերոնշեալ դասընթացքը կը գլխաւորէ բարեսիրական հաստատութեան քարտուղարը գերապայծառ Ճամփիեթրօ Տալ Թոզօ մինչ աշխատանքային նիստերուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Սուրիոյ մօտ առաքելական նուիրակը գերապայծառ Մարիօ Զենարի։

Սոյն կազմաւորումի ձեռնարկը ի գործ դրուեցաւ անցեալ 17 սեպտեմբեր 2015-ին Քոր Ունում բարեսիրական հաստատութեան Սուրիոյ եւ Իրաքի ու շրջանի այլ երկիրներու տագնապի մասին գումարած հաւաքէն ետք, որպէս կէտնպատակ ունենալով քննարկել աշխատանքային նոր կարելիութիւններ, Միջին Արեւելքի տագնապի շրջագիծէն ներս նոր ծրագիրներ մշակելու միտումով։

Բացի Աստուածաբանական կազմաւորումէն նախատեսուած են հանդիպումներ ինչպէս նաեւ մարդկայնական օգնութիւններու ծիրէն ներս նախագծային մեթոտներու վերլուծումներ։

Սուրիոյ, Իրաքի եւ անոնց շրջակայ երկիրներուն մէջ տագնապը կը շարունակէ ըլլալ Սուրբ Աթոռի եւ Միջազգային Հասարակութեան մտահոգութիւնը։ 2011-էն ասդին Սուրիոյ հակամարտութիւնը պատճառած է 400 հազար զոհ եւ 2 միլիոն վիրաւոր, մինչ Սուրիոյ մէջ 12 Միլիոն անհատներ կը գտնուին դժուար  պայմաններու մէջ իսկ Իրաքի մէջ օգնութեան կարիքը ունեցող անձերու թիւը 8 միլիոն է, առանց հաշուի առնելու ներքին գաղթականները որոնք Սուրիոյ մէջ 6 միլիոն են իսկ Իրաքի մէջ 3 միլիոն, մինչ Միջին Արեւելիքի տարածաշրջանին մէջ Սուրիացի գաղաթականներու թիւը հասած է 4 միլիոնի, որոնց մեծամասնութիւնը ապաստանած է  Թուրքիա` 1,9 միլիոն, իսկ 1,1 միլիոնը Լիբանան եւ այլ 600 հազարը Յորդանան, այս թիւերը անշուշտ կը հային պաշտօնական տուեալներուն։

Ըստ Քոր Ունում  - Մէկ սիրտ բարեգործական հաստատութեան  ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն, 2014-2015 տարեշրջանին ,Սուրիա եւ Իրաք ներմուծուած են 150 միլիոն տոլարի օգնութիւններ, որոնց միջոցաւ օգնութիւն տրուած է 5 միլիոն անհատի։ 150 միլիոն տոլարի մեծ մասը յատկացուած է դաստիարակչական մարզին (37 միլիոն), սննդական օգնութիւններու (30 միլիոն), ոչ սննդական կարիքներու (25 միլիոն), բժշկական մարզի (16 միլիոն) եւ տունի ու կեցութեան վայրերու ծախսերուն (10 միլիոն)։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.