2016-07-01 09:42:00

Իրաքի մէջ 3.6 միլիոն մանուկներ վտանգի մէջ կը գտնուին բռնութիւններու աճի հետեւանքով։


(Ռատիօ Վատիկան) 30 յունիս 2016-ին ՄԱԿ-ի մանկական հիմնարկի  հրապարակած տուեալներուն համաձայն, իրաքի մէջ բռնութիւններուն եւ  հակամարտութիւններուն հետեւանքով, աւելի քան 3.6 միլիոն մանուկներ վտանգի  մէջ կը գտնուին ։ Անոնց մեծամասնութիւնը մահուան վտանգի դատապարտուած են, թիրախ են սեռային բռնութիւններու  ինչպէս նաեւ զինեալ խմբաւորումներուն  կողմէ  առեւանգումի։   

ՄԱԿ-ի մանկական հիմնարկի ներկայացուցած զեկոյցին մէջ նշուած է,  որ վերջին երկու տարիներուն, աւելի քան 1500 մանուկներ առեւանգուած են,  որ կը  համապատասխանէ  ամէն ամիս 50 մանուկի առեւանգումին։  Ասոնցմէ շատերը, բռնի կերպով  ստիպուած եղած  են զինեալ ընդհարումներու մասնակցիլ, ինչպէս նաեւ  ենթարկուելու սեռային բռնութիւններու։

Իրաքի մանուկներուն 10 առ հարիւրը, այսինքն  աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն մանուկներ, ստիպուած եղած են լքելու իրենց բնակարանները՝ հակամարտութեան պատճառաւ։ Դպրոցական կառոյցներու մեծամասնութիւնը փակուած կամ կործանուած վիճակի մէջ կը գտնուին  

Իրաքի մէջ ՄԱԿ-ի մանկական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ՝  Փիթեր Հավքինսը, կոչ յղած է հակամարտութեան բոլոր կողմերուն՝  յարգելու եւ պաշտպանելու համար մանուկները։  ՝՝ Պէտք ենք օգնութեան հասնիլ մանուկներուն, որպէսզի անոնք ունենան մեր ամբողջական զօրակցութիւնը, հարկաւոր է ազատագրել զանոնք պատերազմի  սարսափէն եւ նպաստենք՝ աւելի խաղաղ եւ բեղուն Իրաքի մը  ըսած է Փիթեր Հավքինս։

ՄԱԿ-ի մանկական կազմակերպութիւնը խնդրած է շտապ օգնութեան միջոցառումներ իրագործել, պաշտպանելու համար Իրաքի մանուկներուն իրաւունքները եւ այս ուղղութեամբ ներկայացուցած է հինգ գործնական քայլեր,  որոնք պէտք են  անմիջապէս  գործադրուին։

Վերջ դնել սպանութիւններուն, արեւանգումներուն, բռնութիւններուն, ինչպէս նաեւ վերջ դնել դպրոցական, առողջապահական կառոյցներուն դէմ յարձակումներուն։

Առանց նախապայմաններու հայթաթել՝  մարդկային ազատ անցքեր բոլոր մանուկներուն ի սպաս, ուր որ ալ գտնուին անոնք։

Զօրացնել եւ բարելաւել մանուկներու դպրոցական դաստիարակչական յայտագիրը։

Իրագործել հոգեբանական եւ կազդուրիչ  յայտագիրներ՝ օգնելու համար մանուկները­, վերստանալու իրենցմէ խլուած մանկական հոգեվիճակը։

Ի վերջոյ բազմապատկել  ֆինանսաւորումները։ ՄԱԿ-ի մանկական կազմակերպութիւնը , 2016 տարեշրջանին համար , կարիքն ունի 100 միլիոն տոլարի նիւթական օժանդակութեան,  նպաստելու համար Իրաքի մանուկներուն կարիքներուն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.