2016-06-30 11:18:00

Յոբելինական Հրապարակային ունկնդրութիւն ''Ողորմութեան ներգործութիւններ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 30 Յունիս 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Ողորմութեան տարւոյն առթիւ նախատեսուած Յոբելենական հրապարակային ունկնդրութիւններու ծիրէն ներս, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն շնորհեց հրապարակային ունկնդրութիւն որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ''Ողորմութեան Ներգործութիւններու'' նիւթին վրայ։

Խորհրդածութեան սկիզբը Նորին Սրբութիւն ներկաները ողջունեց ըսելով,

''Սիրելի եղբայրներ եւ Քոյրեր բարի լոյս , Քանի անգամ Յոբելենական տարւոյն առաջին ամիսներու ընթացքին, լսեցինք ''ողորմութեան ներգործութիւններու'' մասին խօսքեր։ Այսօր Տէրը մեզ կը հրաւիրէ խղճի քննութիւն մը կատարելու։ Հարկաւոր է երբեք չմոռնալ որ ողորմութիւնը վերացական բառ մը չէ այլ `կեանքի ապրելակերպ է։ Տարբեր է խօսիլ ողորմութեան մասին ու տարբեր է ապրիլ ողորմութիւնը, հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը եւ Սուրբ Յակոբի բառերով շեշտեց թէ ողորմութիւնը առանց գործերու ինքնիր մէջ կը մեռնի ապա ընդգծեց թէ ողորմութիւնը կենդանի կը դառնայ երբ  կ՛ընթանայ դէպի անոնց որոնք հոգեկան ու նիւթական կարիքներ ունին։ Ողորմութիւնը, ըսաւ ապա Քահանայապետը, ունի աչքեր տեսնելու համար, ականջներ ունկնդրելու համար եւ ձեռքեր թիկունք կանգնելու համար....

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց առօրեայ կեանքի իրադարձութիւններուն ուր կը հանդիպինք, ըսաւ Ան, աղքատութեան ողբերգական իրականութիւններուն, որոնք կարծես յաճախ մեզ չեն հետաքրքրեր ու մեր կեանքը կը շարունակենք ապրիլ անտարբերութեան ու կեղծաւորութեան մէջ։ Նորին Սրբութիւնը  հաստատեց թէ Ան որ փորձարկած է Աստուծոյ ողորմութիւնը չի կրնար անտարբեր ու անզգայ մնալ իր եղբայրներուն պահանջներուն դիմաց։ Յիսուսի ուսուցումը արդարեւ մեզ կը դնէ իրականութեան առջեւ. Անօթի էի ու կերակրեցիք զիս, ծարաւի էի եւ խմցուցիք  ինծի, մերկացած էի, պանդուխտ, հիւանդ ու բանտարկեալ եւ դուք ինծի օգնեցիք (Մատթ 25, 35-36)։

Կարելի չէ խուսափիլ անօթի անհատի մը առջեւէն, հարկ է անոր կերակուր տալ - թելադրեց Քահանայապետը եւ մատնանշեց թէ  ''Ողորմութեան գործերը, տեսական նիւթեր չեն, այլ առարկայական վկայութիւններ են,  որոնք մեզմէ կը պահանջեն ուրիշներու տառապանքը սփոփել։  Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ ակնարկեց համաշխարհայնացումի բերումով ի յայտ եկած ու կրկնապատկուած հոգեւոր եւ նիւթական աղքատութեան ու առաջարկեց ստեղծագործ բարեսիրական նոր ուղիներ որոնել, որպէսզի ողորմութիւնը միշտ աւելիով առարկայական դառնայ։ Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ թելադրեց միշտ արթուն մնալ ու հսկել որպէսզի քրիստոնէական հայեացքը չտկարանայ ու անկարող չդառնայ իր ուշադրութիւնը  միշտ էականին սեւեռելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.