2016-06-29 12:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքը Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 29 յունիս 2016-ին, Սուրբ Պետրոսի եւ Սուրբ Պօղոսի տօնի առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, առաքելական պալատի գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը,  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած բազմաթիւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ ։ 

Մարեմեան աղօթքէն առաջ ներկայացուցած խորհրդածութեան սկիզբը, Սրբազան Հայրը ակնարկելով Սուրբ Պետրոսի Եւ Սուրբ Պօղոսի առաքելապետերուն այսօր նշուող տօնին ըսաւ ''Այս երկու Առաքեալներուն հաւատքին վրայ է որ, կը հիմնուի Հռոմի եկեղեցին, որ  միշտ զանոնք մեծարած է որպէս Պաշտպան Սուրբեր։

Տիեզերական եկեղեցին այս երկու սուրբերը կը համարէ, որպէս երկու սիւներ եւ երկու մեծ ճրագներ, որոնք կը փայլին  ոչ միայն Հռոմի երկինքի մէջ , այլ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի բոլոր հաւատացեալներուն սրտին մէջ՝՝ ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա ակնարկելով Մատթէոս Աւետարանէն քաղուած երկու առաքելապետերու առաքելութեան մասին,  սուրբ Պետրոս որ ձկնորս մըն էր իսկ Սուրբ Պօղոս Վարդապետ եւ ուսուցիչ. հաստատեց ''եթէ՝ հոս Հռոմի մէջ ծանօթ ենք Յիսուսին, եթէ Քրիստոնէական հաւատքը, կենդանի եւ հիմնական մասնիկն է այս տարածաշրջանին հոգեւոր ժառանգութեան , այս բոլորը կը պարտինք Առաքելական քաջութեան՝ մերձաւոր արեւելքի երկու այս զաւակներուն''։

Այսօր՝ Սուրբ  Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքեալները հոգւով ներկայ են մեր մէջ, անոնք կը շրջին այս քաղաքին ուղիներուն վրան, կը բախեն մեր տուներուն դռները, յատկապէս մեր սրտերուն դռները։ Անոնք,  անգամ մը եւս կ՛ուզեն մեզի փոխանցել Յիսուսը, Անոր ողորմած Սէրը,   սփոփանքն ու խաղաղութիւնը՝՝. ըսաւ Սրբազան Հայրը  հրաւիրելով ընդունիլ  առաքեալներու պատգամները եւ որպէս գանձ պահպանել անոնց տուած վկայութիւնը։          

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան համամիութենական պատուիրակութեան, որ ներկայ եղաւ  Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ  մատուցուած Սուրբ Պատարագի զոհին՝ Սուրբ Պետրոսի եւ Սուրբ Պօղոսի առաքելապետերու տօնի առիթով, , յարեց ՝՝անոնց ներկայութիւնը նշան է  մեր երկու եկեղեցիներուն միջեւ գոյատեւող եղբայրական կապերուն։ Աղօթենք որպէսզի առ աւելիով ամրապնդուին հաղորդութեան եւ հասարակաց վկայութեան այս արմատները։՝՝

Ֆրանչիսկսո Պապ` Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնըը աւարտեց Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր հովանիին յանձնելով համայն աշխարհը մասնաւորապէս Հռոմ Քաղաքը, եւ յատուկէն ողջունեց Հռոմ քաղաքի հաւատացեալները։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.