2016-06-29 12:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապ դատապարտեց Իսթանպուլի օդակայանին մէջ կայացած ահաբեկչական արարքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 29 Յունիս 2016-ին, Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ արտասանած Մամերմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խստիւ դատապարտեց  Իսթանպուլի օդակայանին մէջ, 28 Յունիսին, տեղի ունեցած ահաբեկչական անձնասպանական գործողութիւնը որ պատճառեց բազմաթիւ զոհեր։

''Երեկ իրիկուն, Իսթանպուլի մէջ, կատարուեցաւ ահաբեկչական վայրագ յարձակում, որ սպանեց ու վերաւորեց բազմաթիւ անձեր։ Աղօթենք զոհերուն համար, անոնց ընտանիքներուն ու սիրելի Թուրք ազգին համար։ Տէրը թող դարձի բերէ բռնարարաներու սիրտը ու թիկունք կանգնի մեր` դէպի խաղաղութիւն տանող քայլերուն'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.