2016-06-29 09:42:00

Պապի այցը կրնայ խթանել կրօնական զբօսաշրջութեան, ուխտագնացութեան աճը Հայաստան


Հռոմի պապի այցը կը խոստանայ դրականօրէն ազդել ոչ միայն դէպի մեր երկիր ընդհանուր զբօսաշրջային հոսքերու աւելացման, այլեւ Հայաստանի` որպէս ուխտագնացութեան, կրօնական զբօսաշրջութեան երկրի ընտրութեան վրայ:

Նման տեսակէտ յայտնած է ՀՀ տնտեսուեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մեխակ Ապրեսեանը: Բացի այդ` այցը եւս մէկ առիթ էր խօսելու Հայաստանի ժողովուրդին, անոր դարաւոր մշակոյթին մասին` բարձրացնելով միջազգային հանրութեան իրազեկուածութիւնը: «Այցը, որ Պապն ինքը որակում էր որպէս ուխտագնացութիւն, մեծ նշանակութիւն ունի եւ ունենալու է ոչ միայն զբօսաշրջութեան, այլեւ համաշխարհային հանրութեան շրջանում Հայաստանի վերաբերեալ տեղեկացուածութեան բարձրացման վրայ: Առաջին քրիստոնեայ երկիր, որը յայտնի է իր աւանդոյթով, մշակոյթով, հրաշալի, խաղաղ, բարի, կենսագործ, հիւրընկալ ժողովրդով»,-«Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է Ապրեսեան:

 Ան նշած է, որ եթէ մարդիկ հետաքրքրուած են կրօնական զբօսաշրջութեամբ, մշակութային երկխօսութեամբ կրնան այցելել ու տեսնել առաջին քրիստոնեայ երկիրը այնպէս, ինչպէս մենք կը նախընտրենք տեսնել պուտտայական կամ իսլամական երկիր: «Բնականաբար, առաջին հերթին քրիստոնեաները հետաքրքրուած կը լինեն, բայց այլ կրօնների ներկայացուցիչները եւս կարող են հետաքրքրուել ու գալ»,- նշած է Ապրեսեան:

Ըստ անոր` Պապի այցով պայմանաւորուած` Հայաստան ժամանած զբօսաշրջիկներու թուաքանակի վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը հնարաւոր կ՛ըլլայ վերլուծել եռամսեակի պաշտօնական վիճակագրութեան հրապարակումէն ետք: Մինչ այդ կարելի է խօսիլ յօդուածներու, տեսանիւթերու մասին, որոնք կը հրապարակուին միջազգային լրատուամիջոցներու մէջ: «Հրապարակումների գործընթացը շարունակւում է ու քննարկւում են հեղինակաւոր ու յայտնի հեռուսատաալիքներով որոշակի տեսանիւթերի ցուցադրման հարցերը»,-աւելցուցած է մեր զրուցակիցը:

Անոր գնահատմամբ` միջազգային լրատուամիջոցներու մէջ Հայաստանի վերաբերեալ անդրադարձերը որոշիչ խթան կը հանդիսանան Հայաստանը ընտրելու ու այստեղ որպէս զբօսաշրջիկ հիւրընկալուելու տեսանկիւնէ: «Այդ հրապարակումները որոշում ընդունելու տարբեր փուլերում իրենց ազդեցութիւնն են ունենում. նախ իրազեկուածութիւնն է բարձրանում, իմացողը մի անգամ էլ լսում եւ տեղեկանում է, նոր ազդակ է լինում, որ որոշում կայացնելիս համոզուի իր ընտրութեան մէջ»,- աւելցուցած է Մեխակ Ապրեսեան:

Յունիս 24-26-ին Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը եղաւ Հայաստան` «Այց առաջին քրիստոնեայ երկիր» կարգախօսով: Երեք օրերը յագեցած էին պատարագներով, աղօթքներով, խաղաղութեան կոչով ու հաւատացեալներու հետ շփումներով:








All the contents on this site are copyrighted ©.