2016-06-29 09:58:00

Մոսկուա Ալիեւին կոչ կ՛ընէ՝ չփոշիացնելու ձեռք բերուած դրական արդիւնքները


Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը քննարկման սեփական ձեւաչափը ունի. Յունիս 28ին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա՝ պատասխանելով Ս. Փեթերզպուրկի մէջ, Յունիս 20ին կայացած Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու եռակող հանդիպման արդիւնքներուն մասին հարցումի մը։

Ըստ Armenpress.am-ի՝ ան աւելցուցած է, թէ Մոսկուա շատ լաւ կը հասկնայ, որ հաշուի առնելով հակամարտութեան պատմութիւնն ու զգայունութիւնը, միշտ կայ մեծ ցանկութիւն եւ ձգտում մեկնաբանելու այդ հարցը, ակնարկելով յատկապէս ժողովի արդիւնքներուն վերաբերեալ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջերս կատարաած յայտարարութեան, թէ հետաքննութեան համակարգը անտեղի է այս հանգրուանին, հակառակ այս մասին գոյացած համաձայնութեան:

«Անհրաժեշտ է տարանջատել պարզաբանումներն ու հանրային բանավէճը, ինչպէս նաեւ հանրային տարածքը այս բարդագոյն խնդիրի լուծման համար օգտագործելու փորձերը: Խնդիրի լուծման համար կայ բանակցային գործընթաց, որոնց շարքին են՝ գերաստիճանները եւ երկկողմ կամ բազմակող հանդիպումները: Ս. Փեթերզպուրկի հանդիպումը, բոլոր մասնակից կողմերուն եւ դիտորդներուն գնահատականով, յաջող անցած է: Հանդիպումը աւարտած է համապատասխան յայտարարութեամբ, ամբողջութեան այն մակարդակով, որ կարելի է եւ համաձայնեցուած է կողմերուն միջեւ, այս փուլին։ Անիկա կու տայ թէ՛ հանդիպման արդիւնքը եւ թէ յառաջ շարժելու ուղիներուն եւ հեռանկարներուն մանրամասնութիւնները: Այժմ խիստ կարեւոր է չփոշիացնել ձեռք բերուած դրական արդիւնքները հանրային յայտարարութիւններով եւ հռետորաբանութեամբ: Զայն պէտք է պահպանել, որպէսզի յետագային կեանքի կոչուին գործնական քայլերու տեսքով», ըսած է ան՝ աւելցելով. «Կը հասկնամ, որ այս գերդիւանագիտական պատասխան է: Հաւանաբար, դուք կը փափաքէիք յաւելեալ յստակացում եւ կանխատեսումներ, սակայն կան նիւթեր, որոնք լռութիւն կը պահանջեն, ոչ թէ որովհետեւ ծածկելու հարկը կայ, այլ որովհետեւ այս հանգրուանին պէտք է աշխատին դիւանագէտներն ու փորձագէտները: Հասարակական կարծիքը պարտաւոր է պահանջել ու իմանալ ամբողջական տեղեկատուութիւնը, սակայն կայ տարբերութիւն տեղեկատուութիւն տրամադրելու եւ հասարակական տարածքը «պարանը ձգելու» համար օգտագործելու միջեւ: Այստեղ կարեւոր է ցոյց չտալ, թէ ով  աւելի ուժեղ է, ով աւելի շատ կէտեր ապահովեց, այլ ընել այնպէս, որ նախանշուին խնդիրի լուծման ուղիները, որպէսզի այդ լուծումը անցնի աւելի յստակ, իրական հարթութեան: Մենք երկրորդ մօտեցման կողմնակից ենք, հաշուի առնելով նաեւ, որ հասարակայնութեան տեղեկացուածութիւնը կարեւոր բաղադրիչ է»:

Զախարովայի համաձայն, երբ ըլլան յստակ տուեալներ, զորս կարելի է մեկնաբանել, մեկնաբանութիւններ կը կատարուին: «Կը կրկնեմ, ի սկզբանէ մենք դիմած ենք բոլոր կողմերուն՝ խնդրելով օգտագործել բանավէճի համար բանակցային գործընթացները, եւ ոչ թէ հանրային տարածքը, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը իրօք յառաջխաղացք արձանագրէ», եզրափակած է ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.