2016-06-28 12:30:00

Վերջ գտաւ համ-ուղղափառ եկեղեցիներու ժողովը


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 26 յունիս 2016-ին, վերջ գտաւ Յունաստանի Կրետա քաղաքին մէջ գումարուած համ-ուղղափառ եկեղեցիներու ժողովը, Քանիայի մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ  որուն աւարտին կարդացուեցաւ Համ-ուղղափառ եկեղեցիներու ժողովի պատգամը ուղղուած ուղղափառ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն ու բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց։

Պատգամը վավերացուած է 230 եպիսկոպոսներու կողմէ, ինչպէս նաեւ 10 ուղղափառ նուիրապետութիւններու կողմէ։

Համ-ուղղափառ եկեղեցիներուն ժողովէն բխած  պատգամը ամբողջութեամբ նկատուած է որպէս ջատագովութիւն երկխօսութեան։ Երկխօսութիւն նախ եւ առաջ ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ, փոխանցելու համար Աւետարանի վկայութիւնը, սէրը, խաղաղութիւնն, արդարութիւնը եւ համերաշխութիւնը, որոնք կոչ են դիմագրաւելու համար աշխարհի ներկայ  մարտահրաւէրները։   Երկխօսութիւն նաեւ այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններուն հետ,  համամիութենական երկխօսութիւնը, որուն մասին Կոստանդնուպոլսոյ Բարթողոմէոս Տիեզերական Պատրիարքը երբեք չէ դադրած  խօսելէ իր քահանայական ծառայութեան ընթացքին։Հուսկ միջ-կրօնային երկխօսութիւնը  զանազան կրօններուն միջեւ։ 

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ կրօնական  ծայրայեղականութիւնը, արտայայտութիւնն է հիւանդ կրօնականութեան։ Արդ՝ լուրջ միջ-կրօնային երկխօսութիւնը լայնօրէն կը նպաստէ փոխ յարաբերութեան զարգացման ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ համերաշխութեան։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.