2016-06-28 12:49:00

Պենետիկտոս ԺԶ նշեց իր Քահանայական ձեռնադրութեան 65 ամեակը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 28 Յունիս 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Յիսուսեաններու  Գրիգորեան Քահանայապետական Համալսարանի Ռէկտոր Հայր Ֆրանսուա Քզավիէ Տիւմորթիէ որմէ ետք ընդունեց Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութենէն պատուիրակութիւն մը, հուսկ կէսօրին, Քլեմենթինա սրահին մէջ մասնակցեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետի Քահանայական ձեռնադրութեան 65-րդ տարեդարձի տօնախմբութեան, որմէ ետք կէսօրուայ ճաշը բաժնեկցեցաւ Կ.Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարքութեան պատուիրակութեան անդամներուն հետ։

Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետի Քահանայական ձեռնադրութեան 65-րդ ամեակի տօնախմբութեան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետէն զատ խօսք առին Հաւատոյ Ժողովի Կառավարիչ կարդինալ Կէրարտ Միւլլերը եւ Կարդինալական դասի աւագերէցը` կարդինալ Անճելօ Սոտանօ որոնք Վաստակաւոր Քահանայապետին շնորհաւորեցին յոբելեանը մատնանշելով անոր` տարիներու ընթացքին Եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութիւններուն։

Այս առթիւ խօսք առաւ Նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը որ մէջբերելով Վաստակաւոր Քահանայապետին Քահանայութեան մասին խօսքերէն հատուած մը, մատնանշեց թէ ''Երբ Յիսուս անձ մը կը կոչէ իրեն անոր նայելով հարց կու տայ. Կը սիրե՞ս զիս։ Որքան գեղեցիկ է այս խօսքը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, որովհետեւ այս ''Կը սիրե՞ս''-ին մէջ է որ Տէրը կը հիմնէ առաքելութիւնը, որովհետեւ միայն երբ Տիրոջ նկատմամբ սէր կայ, Ան կարող է մեր միջոցաւ արածել ոչխարները։

''Տէր` դուն ամէն բան գիտես ու գիտես թէ քեզ կը սիրեմ''։ Ահա այս է քահանայական ծառայութեան նուիրուած կեանքի մը յատկանիշը եւ ինչպէս ձեր սրբութիւնը ըսած է ''սիրահարի փնտռտուքի'' աստուածաբանութիւնը։

Այս մէկը դուք մշտապէս վկայեցիք ու կը վկայէք այսօր, յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու ընդգծեց Վաստակաւոր Քահանայապետի եկեղեցւոյ ծառայութեան կարեւորութիւնը­, հաստատելով թէ Ան այսօր եւս կը շարունակէ ծառայել Եկեղեցւոյ ու սատարել անոր զարգացումին, Վատիկանի ''Մաթեր Էքլեզիա'' փոքրիկ վանքէն, որ կը յայտնուի ոչ որպէս մոռցուած անկիւն մը, ուր այսօրուայ ''մնացորդացի'' մշակոյթը կը ջանայ կղզիացնել տարիքով յառաջացած անձերը, այլ  ընդհակառակը, այդ ''Ֆրանչիսկեան'' վայրի ընդմէջէն որ անդորրութիւն, խաղաղութիւն, ուժ, վստահութիւն, հաւատք ու նուիրում կը ցոլայ, ինծի ու համայն եկեղեցւոյ ուժ կը ներշնչէք, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը եւ մաղթանք յայտնեց որ Վաստակաւոր Քահանայապետը, վստահելով ողորմած Աստուծոյ ձեռքին որ Անոր  թիկունք կը կանգնի, շարունակէ փորձարկել ու վկայել Աստուծոյ սէրը, ու Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերուն հետ միասին,  կարենայ շարունակել ուրախութեան հրճուանքի մէջ ապրիլ, մինչ կ՛ընթանայ դէպի հաւատքի նպատակակէտը։

Վաստակաւոր Քահանայապետի Քահանայական ձեռնադրութեան 65 ամեակի տօնախմբութեան աւարտին խօսք առաւ նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ-ը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր իրեն ուղղուած բարի խօսքերուն համար ու յատկապէս Ֆրանչիսկոս Պապին։ Ապա գոհութիւն մատուցեց Տիրոջ իրեն պարգեւած բոլոր շնորհքներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.