2016-06-28 11:41:00

Հռոմի Պապի դիրքորոշումը ճամբայ կը բանայ Հայոց Ցեղասպանութան ճանաչման համար։


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հռոմի պապի սկզբունքային դիրքորոշումը  եւ Պունտեսթակի բանաձեւը ճամբայ կը բանան միւս պետութիւններու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Այս մասին ըսած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սար-գսեան «Ռոյթըրզ»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:

«Գերմանիան շատ կարեւոր եւ նշանակալի խաղացող է միջազգային ասպարէզում, եւ այդ որոշումը լաւ օրինակ է միւս երկրների համար», յայտնած է նախագահը:

Սարգսեան նաեւ քննադատած է Եւրոմիութեան անդամակցելու ձգտումներուն մէջ Թուրքիոյ դիրքորոշումը՝ նշելով, որ Անգարա կը փորձէ օգտագործել բռնապետութեան քաղաքականութիւնը, որպէսզի ճնշում գործադրէ միութեան վրայ:

«Ես չեմ կարծում, որ Թուրքիան այն խաղացողն է, որը կարող է պարտադրել իր հայեացքները կամ ճնշել Եւրամիութեանը», ըսած է Սարգսեան, աւելցնելով, որ ինք չի տեսներ հեռանկարներ, որոնք կրնան ճանապարհ հարթել ԵՄին Թուրքիոյ անդամակցութեան համար:

Սերժ Սարգսեան «Ռոյթըրզ» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին համոզում յայտնած է, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) պիտի յաղթէ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Նախագահը ընդգծած է՝ թէ Հան-րապետականի պարտութեան պարագային ինք քաղաքականութեան մէջ ընելիք չ՛ունենար այլեւս, ապա ծիծաղելով բացառած է ատոր հաւանականութիւնը: Նոյն հարցազրոյցին մէջ նախագահը նաեւ անդրադարձած է Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպման՝ յայտնելով, թէ այնտեղ պայմանաւորուած են շարունակել հանդիպումները եռակողմ ձեւաչափով:

«Մենք պայմանաւորուել ենք, որ այդ հանդիպումները եռակողմ ձեւաչափով, կը լինեն շարունակական եւ դրանք կը գան լրացնելու ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների ձեւաչափը», յայտնած է նախագահը:

Քաղուած ''Ասպարեզէն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.