2016-06-28 12:41:00

Հռոմի Պապի այցը յատուկ նշանակութիւն ունի Սուրիահայերուն համար


Հռոմի պապի Հայաստան կատարած այցը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի պատերազմէն փախած սուրիահայերուն համար: 

 Խաղաղութեան մասին խօսքերը կարեւոր են 35-ամեայ Անժելա Աղեմեանի եւ անոր երեք երեխաներուն համար: «Մեզի համար խաղաղութիւնը ամենակարեւոր բանն է: Մեր ընտանիքէն ներս տիրող խաղաղութիւնը կորսուած է»,- ըստ News.am-ի` Երեւանի մէջ պարբերականի թղթակիցին հետ զրոյցին  ըսաւ Անժելան: «Իսլամական պետութեան» զինեալները Անժելայի ամուսնուն սպաննած են այն բանին համար, որ չէ հրաժարած քրիստոնէական հաւատքէն: Երեք երեխաներու մայրը մտադիր չէ Սուրիա վերադառնալուն, թէեւ Հալէպի մէջ տուն ունի, նաեւ ծնողները  մինչեւ հիմա այնտեղ կ’ապրին:

Ըստ հեղինակին, Հայաստան բազմաթիւ տնտեսական մարտահրաւէրներու առջեւ  կանգնած է, բայց «Սուրիացի փախստականները կը հաւաստեն, որ ամենաշատը կը գնահատեն այն ջերմ ընդունելութիւնը, որուն արժանացած են»: Հակառակ երկրին մէջ տիրող գործազրկութեան բարձր մակարդակին` Աւետ Տեմուրեան կը խոստովանի, որ Սուրիայէն հեռացած  հայերը կրցած են աշխատանք գտնել որպէս բժիշկ, ոսկերիչ, մեքանիկ, վարսայարդար, խոհարար:

Անժելան կ’ըսէ` տորթ ու կարկանդակներ կը թխէ եւ շատ ապահով կը զգայ  Հայաստանի մէջ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.