2016-06-27 16:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապ՝՝Ես չեմ գիտեր տարբեր ձեւով որակել հայերու սպանդը եթէ ոչ ցեղասպանութիւն բառով՝՝


Ֆրանչիսկոս Պապին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցէն հատուածներ։

(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 26 յունիս 2016-ին, Հայաստան կատարած Առաքելական ճամբորդութեան աւարտին,  դէպի Հռոմ թռիչքի ընթացքին,  Ֆրանչիսկոս Պապ, սովորութեան համաձայն, պատասխանեց լրագրողներուն կողմէ իրեն ուղղուած զանազան հարցումներուն ։

Հայաստանի հանրային հեռուստակայանի լրագրող Տիար Արթիւր Գրգորեանի կողմէ իրեն ուղղուած  մէկ հարցումին թէ ՝՝որոնք են ձեր տպաւորութիւնները ու զգացումները եւ ապագայի պատգամն  ու աղօթքը հայ ժողովրդին՝՝, Ֆրանչիսկոս Պապ  մաղթանք յայտնեց որ հայ ժողովուրդը կարենայ խաղաղութիւն եւ արդարութիւն գտնէ ու այս դիտաւորութեամբ ապահովեցուց իր աղօթքը։ ։  Ֆրանչիսկսո Պապ ապա յայտնեց իր ուրախութիւնը իր տես  Ռուսիոյ, Հայաստանի ու Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ վերջերս կայացած հանդիպումին,  համարելով սոյն  հանդիպումը բանակցութիւններու սկիզբ։

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ հարցին  Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ ՀՀ նախագահ Սերճ Սարգսեանին, նախագահական պալատին մէջ  արտասանած  ողջոյնի խօսքին <<եկէք գանք համաձայնութեան, ներենք զիրար եւ նայինք ապագային>> ու այս առընչութեամբ  մատնանշեց թէ Հայաստանի նախագահին  պատգամը շատ  յստակ էր,  եւ թէ այդ խօսքերը քաջարի խօսքեր էին։

Ֆրնաչիսկոս Պապ անդրադարձաւ հուսկ Հայ ժողովուրդին, պատմութեան հոլովոյթին կրած տառապանքներուն,  պատկերացնելով հայ ժողովուրդին կեանքը որպէս քարէ կեանք­  սակայն մայրական քնքշութիւն ունեցող <<իքոն>> մը։ Քարէ կեանք որովհետեւ ան  անթիւ խաչեր՝  խաչքարեր  կրած է,  առանց կորսնցնելու մայրական քնքշութիւնը, արուեստականութիւնն ինչպէս նաեւ  երաժշտութիւնը։

Ժողովուրդ մը որ շատ տառապեցաւ իր պատմութեան մէջ ըսաւ Սրբազան հայրը  հաստատելով՝ թէ  լոկ  հաւատքով է որ ան կարողացաւ կանգուն մնալ։

 Հայ ժողովուրդը չ՛եղաւ միայն առաջին  քրիստոնեայ  ազգը­,  այլ՝  եղաւ նաեւ  Տիրոջ կողմէ առաջին օրհնուած ազգը ,  ունեցաւ սուրբ եպիսկոպոսներ ու   նահատակներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ նաեւ  թէ  Ինք  Արժանթին եղած ժամանակ,  ունեցած է շատ հայ բարեկամներ եւ ստէպ հայկական եկեղեցիներ  յաճախած ու յաճախ ճաշակած է հայկական ճաշեր ։

Հայ բարեկամներուն շարքին ֆրանչիսկոս Պապ նշեց Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Պօղոսեան Գերապայծառը ,  ինչպէս նաեւ Հայ առաքելական Եկեղեցւոյ առաջնորդ Արքեպիսկոպոս Մուրատեանը ։

Ֆրանչիսկոս Պապ  անդրադարձաւ յառաջիկայ սեպտեմբեր ամսոյն Ատրպէյճան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան մասին  յարելով,  թէ ինք ազէրիներու հետ պիտի խօսի ճշմարտութեան մասին,  պիտի խօսին այն ինչ որ տեսած է ու լսած  Հայաստանի մէջ։

 Նորին Սրբութիւնը ապա պատասխանելով լրագրողներուն , նախագահական պալատին մէջ   իր արտասանած ճառին ընթացքին  ՝՝ցեղասպանութիւն՝՝ բառի օգտագործումին պատճառներուն մասին

ըսաւ  թէ ինք Հայերու ոչնչացման վերաբերեալ այլ բառ չի գիտեր, բացի ցեղասպանութենէն: 

Արժանթինի մէջ, երբ կը խօսուէր  հայերու ոչնչացման մասին, միշտ կ՛օգտագործուէր ցեղասպանութիւն բառը, եւ Պուէնոս Այրեսի մայր տաճարին մէջ  խաչքար տեղադրուած է ի յիշատակ հայերու ցեղասպանութեան:

Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ ՝թէ  Ինք երբ Հռոմ եկած է, Հայերու ցեղասպանութեան մասին լսած է այլ բառեր ինչպէս ՝՝մեծ չարիք՝՝, ՝՝մեծ ողբերգութիւն՝  եզրերը  եւ իրեն ըսուած է թէ ցեղասպանութիւն բառը  վիրաւորական է։ 

Քահանայապետը ապա նշեց թէ ինք միշտ խօսած է երեք ցեղասպանութիւններու մասին, որոնք իրագործուած են  անցեալ դարուն` Հայոց ցեղասպանութիւնը, Հիթլերի իրագործած ցեղասպանութիւնը եւ Սթալինի իրագործած ցեղասպանութիւնը»,

 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ 2015- թուականին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի  առթիւ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին, ու ընդգծեց թէ ինք` այդ առթիւ արտասանուած ճառին մէջ  օգտագործած է ցեղասպանութիւն բառը. որովհետեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը  իրմէ առաջ օգտագործած էր զայն եւ թէ ինքը  պարզապէս կրկնած էր իր նախորդին արտայայտութիւնը։ Քահանայապետը հուսկ հաստատեց թէ իր արտասանած ճառին մէջ <<ցեղասպանութիւն>> բառը չէր նախատեսուած,  աակայն Հայաստանի նախագահին ելոյթէն ետք ինք չէր կրնար նոյն ոճով չխօսիլ, ու որոշեց օգտագործել այդ եզրը ոչ որպէս վիրաւորանք այլ որպէս աւելի լաւ ապագայի հեռանկար։








All the contents on this site are copyrighted ©.