2016-06-26 13:00:00

Էջմիածնի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին պատուոյն Համամիութենական Սիրոյ Սեղան։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 26 Յունիս 2016-ի առաւօտեան, Էջմիածնի մէջ բացօթեայ խորանին վրայ մատուցուած սուրբ պատարագի արարողութեան աւարտին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ի պատիւ համամիութենական ճաշ, մասնակցութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին,  Հայ Կաթողիկէ պատրիարքին, Հայ առաքելական եւ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն ու Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութեան ընկերացող պատուիրակութեան անդամներուն։

Համամիութենական ագապի աւարտին եւ նախ քան Էջմիածինէն հրաժեշտ առնելը Սրբազան Քահանայապետը հանդիպեցաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բարերարներուն եւ պատուիրակներուն հետ  որմէ ետք  Գարեգին Բ-ի ընկերակցութեամբ  մեկնեցաւ դէպի Խոր Վիրապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.