2016-06-24 12:57:00

ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ժամանեց Հայաստան։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորս ժամ տեւող թռիչքէ ետք, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ժամանեց Երեւանի Զուարթնոց օդակայան, տեղական ժամով 15-ին։

Օդանաւի սանդուխներու ոտքին, Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ու անոր կողակիցի կողմէ,  ի ներկայութեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոսի Ի Կաթողիկոսի Պատրիարքին,  Պետական իշխանութիւններու, Կաթողիկէ եւ Առաքելական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու եւ դիւանագիտական մարմնի ներկայացուցիչներու։

Հայկական աւանդական սովորութեան համաձայն երկու մանուկներ Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուցին հաց ու աղը որպէս բարի գալուստի մաղթանք։

Ապա տեղի ունեցաւ  պաշտօնական փրոթոքոլային արարողական, քայլերգերու կատարում, զինուորական պատիւ, տեղական պատուիրակութիւններու ներկայացում հուսկ Նախագահն ու կողակիցը Սրբազան Քահանայապետը առաջնորդեցին նախագահական դահլիճ ուր հակիրճ առանձնական հանդիպումէ ետք Նորին Սրբութիւնը ինքնաշարժով ուղղուեցաւ Էջմիածին  ուր նախատեսուած է Հրաշափառի արարողութիւնն ու աղօթքը, մասնակցութեամբ Հայ կաթողիկէ եւ առաքելական եպիսկոպոսներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.