2016-06-24 10:34:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հեռագիրը Իտալիոյ նախագահին


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 24 յունիս 2016-ին, Ֆրանչիսկսոս Պապ դէպի Հայաստաան թռիչքի ընթացքին աւանդութեան համաձայն հեռագիր  յղեց  Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ Տիար Սերճօ Մաթթարելային, որուն մէջ գրած է.

 ՝՝Մինչ կը պատրաստուիմ  Հայաստան ՝Առաքելական այցելութիւն կատարելու, մխրճուելու համար այն ժողովուրդին հնաւուրց իմաստութեան մէջ, զանոնք  հաստատելու իրենց հաւատքին մէջ,  ինչպէս նաեւ աջակցելու անոնց  ի գործ դրած որեւէ ջանքին՝  խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ի սպաս,  Պր նախագահ ձեզի եւ Իտալիոյ համայն ժողովուրդին  կ՝ուղղեմ իմ սիրալիր ողջոյններս, կը քաջալերեմ իտալիոյ ժողովուրդին  կանգուն մնալու զօրակցութեան առաջնակարգ գիծին վրայ,  նայելով ապագային , յոյսով ու վստահութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.