2016-06-23 13:34:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ուղերձը Արժանթինի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահին։


(Ռատիօ Վատիկան) 16-էն 19 յունիս 2016-ին, Արժանթինի  Սան Միկէլ Թուչուման քաղաքին մէջ  գումարուեցաւ Ազգային Սուրբ Հաղորդութեան համագումարը, որ զուգադիպած  էր Արժանիթինի  անկախութեան 200-րդ ամեակին նշման ժամանակամիջոցին։

՝՝Յիսուս Քրիստոս, Պատմութեան Տէրը, պէտք ունինք քեզի՝՝ խորագիրը կրող Սուրբ Հաղորդութեան Ազգային համագումարին  առիթով , Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս  Պապին  յղած պատգամին  մէջ   յայտնած էր  Նորին Սրբութեան մօտիկութիւնը համագումարին մասնակացիներուն։

Այսօր՝ հինգշաբթի 23 յունիսին,Արժանթինի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի մամլոյ գրասենեակը, հրապարակեց  Ֆրանչիսկոս Պապ­ին,   Սուրբ Հաղորդութեան ազգային համագումարի առթիւ յղած    պատգամը,  Արժանթինի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ՝ գերապայծառ Խօսէ Մարիա Արանչետոյին։

Պատգամին մէջ, Նորին Սրբութիւնը մէջբերելով  Արժանթինցի Երանելի Հայր Քուրա Պրոշերոյի  խօսքը ՝՝ Աստուծոյ շնորհքը կը նմանի անձրեւի, որ ամէն ինչ թրջէ՝՝  գրած էր  ՝՝ մօտենալու լոկ՝  հարց մըն է, չվախնալ , եւ  թոյլ տալ թրջուիլ անհուն սէրէն ։ Ծանօթ եմ բոլոր դժուարութիւններուն,  որուն մէջ կ՝ապրիք։ Կ՝ապահովեմ իմ մօտուկութիւնս եւ Տիրոջ կ՝աղօթեմ , որպէսզի սոյն համագումարը մեզ ամրապնդէ  մեր հաւատքին  մէջ,  դիմագրաւելու համար դժուարութիւնները, եւ մեր միջեւ  աճի արդարութիւնն ու սէրը, յատկապէս ծառայելով աղքատներունւ եւ կարիքաւորներուն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.