2016-06-23 09:56:00

Հայաստանը կը պատրաստուի ապրիլ պատմական օրեր։


(Ռատիօ Վատիկան) Հայաստանը կը պատրաստուի լաւապէս ընդունելու  ''աւետարանի ծառան ու եւ խաղութեան ուխտաւորը'', այնպէս ինչպէս նշեց Ֆրանչիսկոս Պապ, 24 - 26 Յունիսին Հայաստան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին, հայ ազգին յղած լսատեսողական իր պատգամին մէջ։
Ճամբորդութեան ամենէ կարեւոր եւ ամենամեծ հաւաքը համարուող, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ­, համամիութենական աղօթքի հանդիպումին բեմը գրեթէ պատրաստ է։

Ճամբաներու եզերքները հայկական ու վատիկանեան դրօշները միասին կը ծածանն մինչ գովազդներ կ՛աւետեն Սրբազան Քահանայապետին ժամանումը դէպի ''առաջին քրիստոնեայ երկիր''։

Ամբողջ ազգ մը սպասումի մէջ է։ Մէկ տարիէ ի վեր կը սպասէ այս հանդիպումին։ Բոլորը անխտիր կ՛ուզեն մէկ խօսք ըսել Ֆրանչիսկոս Պապին. ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ։
Կարելի չէ արդարեւ երախտագիտութիւն չյայտնել այն անձնաւորութեան որ համայն աշխարհին դիմաց դատապարտեց հայ ազգին դէմ գործադրուած անարդարութիւնը, այդ Մեծ Եղեռնը որ բնաջնջումի սպառնալիքի ենթարկեց հայ ժողովուրդը, իր պատմութեամբ եւ իր դարաւոր մշակութային ժառանգութեամբ։ 

Հարիւր տարիներու լռութենէ ետք կարծես լրութիւնն անգամ դարձաւ խօսք­, դարձաւ դատապարտում­, դարձաւ ճիչ արդարութեան։

Երեւանը, գիւմրին, եւ Էջմիածինը արդեն պատրաստ են հիւրընկալելու հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ, Սուրբ Պետրոսի յաջորդ` Ֆրանչիսկոս Պապը ու անոր հետ միասին ապրելու պատմական օրեր։

Յովհաննէս Պօղոս Բ սուրբ քահանայապետին 2001 թուականին կատարած պատմական այցելութենէն ետք ահա երկրորդ քահանայապետ մը, 15 տարիներ ետք, կու գայ այցելելու ''Պիպլիական Երկիր'' Հայաստանը, այնտեղ ուր Նոյ Նահապետի նաւը, ջրհեղեղէն ետք գտաւ անդորրութիւն։ Այնտեղ ուր 451 Վարդան ու իրեն բարեկամները պայքարեցան վասն կրօնի եւ հայրենեաց։ Այնտեղ ուր այսօր եւս­, Վարդանի ու Ղեւոնդ Երեցի զաւակներն ու թոռները կը շարունակեն վառ պահել իրենց  փոխանցուած հաւատքի այն ճրագը որ դարերէ ի վեր կը լուսաւորէ Հայ Ազգը եւ կը խրախուսէ զայն անվախ շարունակելու պապենական ուխտը, հակառակ դժուարութիւններուն ու խոչընդոտներուն։

Հռոմի Պապի այս այցը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ գնահատանք հայ ազգի վեհանձնութեան ու նաեւ քաջալերանք չվհատելու եւ ապագային նայելու աւետարանական յոյսով ու քրիստոնէական խաղաղութեան իղձով։

Բարի եկած էք Ֆրանչիկսոս Պապ։ Բարի եկած էք հայոց աշխարհ։ Բարի եկած էք ձեր տունը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.