2016-06-22 17:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապի նախաբանը Վաստակաւոր Քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ.ի գրքին


(Ռատիօ Վատիկան) Բենեդիկտոս ԺԶ. մեծագոյն օրինակն է, բացատրելու «ծնրադիր աստուածաբանութիւն» գաղափարը։ Այսպէս կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապ, Բենեդիկտոս ԺԶ. Պապի հեղինակութեան նախաբանին մէջ։ Հատորը կ՝ընդգրկէ Վաստակաւոր Քահանայապետին խորհրդածութիւնները աղօթքի շուրջ, որ կը կազմէ իւրաքանչիւր քահանայի կեանքին սիրտը։ «Ուսուցանել եւ ուսանիլ Աստուծոյ Սէրը»՝ այս խորագրով Քանթակալլի հրատարակած է յիշեալ հատորը։ Սա «վճռական գործօնն» է մարդու մը, որ ինքզինք Աստուծոյ կը նուիրէ քահանայական կոչումին մէջ, կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ։ Այս վճռական գործօնը գործելակերպի ճանաչումը չէ, ոչ ալ գործերու տնտեսում. Այլ «ծնրադիր, աղօթել ուրիշներու համար, առանց դադարի, մարմնով ու հոգիով։ Սիրտը միշտ բարձրացնելով առ Աստուած, սիրահարի մը նման, որ իւրաքանչիւր րոպէ, իւրաքանչիւր արարքի մէջ կը մտածէ սիրածի մասին»։

28 յունիսին, Բենեդիկտոս ԺԶ. կը կատարէ իր քահանայական օծման 65րդ տարեդարձը։ Ան վերջին տարիներուն կը հրաժարէր իր պաշտօնէն՝ «բարձրանալու լեռ՝ նուիրուելու համար աղօթքի եւ խոկումի»։ «Մարդ մը, որ իսկապէս կը հաւատայ, իսկապէս կ՝աղօթէ։ Մարդ մը, որ կը մարմնացնէ սրբութիւնը, խաղաղութեան մարդ, Աստուծոյ մարդ։» Այս բառերով Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝արտայայտուի իր նախորդի մասին, կրկնելով, թէ «Բենեդիկտոս Պապի մէջ յստակօրէն երեւան կու գայ քահանայագործելու էութիւնը։» Իսկական աղօթքը, որ ցոյց կու տայ Բենեդիկտոս Պապ իր վկայութեամբ, այն բարեխօսութիւնն է, որուն եկեղեցին պէտք ունի, եւ յատկապէս այսօր քան երբեք, առօրեայ հացի նման։








All the contents on this site are copyrighted ©.