2016-06-22 18:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. Հայաստան կու գամ որպէս Աւետարանի ծառայ եւ խաղաղութեան ուխտաւոր


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 22 յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6.00-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետ, պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց Հայաստան կատարելիք ճամբորդութեան նախօրեակին, որուն մէջ ըսաւ.

՝՝Քանի մը օրէն ուրախութիւնը պիտի ունենամ Հայաստան, ձեր մէջ գտնուելու։ Այժմէն ձեզ կը հրաւիրեմ աղօթելու առաքելական այս ճամբորդութեան համար։ Աստուծոյ օգնութեամբ պիտի գամ ձեր մօտ, իրականացնելու համար, ինչպէս կ՛ըսէ ճամբորդութեան բնաբանը, «այցելութիւն մը առաջին քրիստոնեայ երկրին» Կու գամ իբր ուխտաւոր, այս Յոբելինական Տարւոյն մէջ, մխրճուելու ձեր ժողովուրդի հինաւուրց իմաստութեանմէջ  եւ ըմպելու ձեր հաւատքի աղբիւրէն, որ ժայռանման է, ինչպէս ձեր նշանաւոր խաչքարերը։ Կու գամ Հայաստանի խորախորհուրդ բարձունքները, իբր ձեր եղբայրը, ներշնչուած ձեր դիմագիծները տեսնելու բաղձանքէն, աղօթելու ձեր հետ միասին եւ բաժնեկցելու բարեկամութեան շնորհքը։ Ձեր պատմութիւնը եւ ձեր սիրեցեալ ժողովուրդի պատմութեան իրադարձութիւնները իմ մէջս կը յառաջացնեն հիացմունք եւ ցաւ։ Հիացմունք՝ որովհետեւ Յիսուսի խաչին եւ ձեր հանճարին մէջ գտաք միշտ վերականգնելու ոյժը, նաեւ տառապանքներէ, որոնք մարդկութեան յիշողութեան մէջ ամենէն սարսափելիներն են։ Ցաւ կը զգամ՝ այն ողբերգութիւններուն համար, որոնք ձեր հայրերը ապրեցան իրենց մարմնին վրայ։ Թոյլ չենք տար մենք մեզի ընկրկիլ՝ ի տես ցաւալի յիշատակներու. նոյնիսկ չարի կրկնուող յարձակումներուն դէմ, չենք զիջիր։ Այլ Նոյ նահապետի նման, որ ջրհեղեղէն ետք չէր դադրեր երկինք սեւեռել նայուածքը, բազմիցս արձակելով աղաւնին, մինչեւ որ ան անգամ մը վերադարձաւ իրեն՝ բերելով ձիթենիի ճիւղ մը (Ծննդ Ը. 11)։ Այդ նշանն էր՝ որ կեանքը կրնար վերսկսիլ եւ յոյսը վերակենդանանար։ Իբր Սուրբ Աւետարանի ծառայ եւ պատգամաբեր խաղաղութեան, կը բաղձամ գալ ձեր մօտ, աջակցելու ամէն ջանքի՝ խաղաղութեան ճանապարհին վրայ. ընթանալու հաշտութեան արահետին վրայ՝ որ կը ծնի յոյսը։ Ձեր ժողովուրդի մեծ սուրբերը, յատկապէս Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ՝ Սուրբ Գիրգոր Նարեկացին, օրհնեն մեր հանդիպումները, որոնց կը սպասեմ վառ իղձով։ Յատկապէս, կը սպասեմ ողջագուրել իմ Եղբայրս Գարեգին Վեհափառը, եւ անոր հետ միասին, մեր ամբողջական միութեան ճանապարհին վրայ նոր սլացք մը տալ։ Անցեալ տարի ժամանած էիք Հռոմ, շատ մը երկիրներէ։ Սուրբ Պետրոսի գերեզմանին մօտ աղօթեցինք միասնաբար։ Արդ՝ կու գամ ձեր օրհնեալ երկիրը, ամրապնդելու մեր հաղորդութիւնը, յառաջանալու հաշտութեան ճանապարհին վրայ եւ խանդավառուելու յոյսի ներշնչումով։ Շնորհակալութիւն եւ ցտեսութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.