2016-06-22 13:19:00

Կրետէի մէջ գումարուած համ-ուղղափառ ժողովի գլխաւոր նիւթերը


(Ռատիօ Վատիկան) Յունաստանի Կրետէ կղզիին մէջ անցեալ երկուշաբթի օր՝ 20 յունիս 2016-ին, ընթացք առաւ համ-ուղղափառ ժողովը՝նախագահութեամբ Կոստանդնուպոլսոյ Բարթողիմէոս Ա Տիզերական Պատրիարքին։

Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերած են ուղղափառ 10 եկեղեցիներ, բազի Մոսկուայի, Պուկարիոյ, Անտիոքի ինչպէս նաեւ Վրաստանի եկեղեցիներէն, որոնք բացակայած են զանազան պատճառներու բերումով։

Վատիակնի ՝՝Օսերվաթորէ Ռոմանօ՝՝ օրաթերթի լրագրող, Քրիստոնեաներու միութեան յառաջացման խորհուրդի անդամ Հայր Հրաչինդ Տեսթիկեվի տուեալներու համաձայն, ժողովի ընթացքին պիտի շօշափուին  հետեւեալ վեց գլխաւոր նիւթերը՝ Ուղղափառ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը աշխարհի մէջ, սփիւռք, ինքնավարութեան հարցը, պահքի հարցը , ամուսնութեան եւ այլ քրիստոնէական յարանուանութիւններուն հետ յարաբերութեան հարցերը։

Ժողովին բազման նիստին՝ որ բաց էր հանրութեան, ներկայ գտնուեցան զանազան դէտեր, որոնք շարքին Քրիստոնեաներու միութեան յառաջացման քահանայապետական խորհուրդի նախագահը՝ կադինալ Քուրթ Քոխ, ինչպէս նաեւ խորհուրդի քարտուղարը՝ գերապայծառ Պրիան Ֆարելը։

Ժողովի բացման նիստին արտասանած պատգամին մէջ Բարթողիմէոս Տիեզերական Պատրիարքը ընդգծած է Օրթոտոքս եկեղեցիներուն միութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ սիւնհոդոսականութեան հրամայականը։

Համ-ուղղափառ եպիսկոպոսաց ժողովին նպատակն է ամրապնդել 14 ուղղափառ եկեղեցիներուն միութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.