2016-06-22 17:06:00

Գաղթականներու եւ փախստականներու նուիրուած 2017-ի միջազգային օրուան նիւթը


(Ռատիօ Վատիկան)  «Անչափահաս Գաղթականներ՝ խոցելի եւ առանց ձայնի» այս է  Գաղթականներու եւ փախստականներու նուիրուած միջազգային 103-րդ օրուայ բնաբանը. Օրը րո կը նշուի 2017ի յունուար 15ին։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ուզած է այդ օրը յատուկէն յատկացնել անչափահաս գաղթականներու յիշատակին, որոնք ամենէն աւելի խոցելի եւ առանց ձայնի անհատներ են։

Գաղթականներու եւ Փախստականներու Հովուականի Քահանայապետական Խորհուրդի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ կը յիշուի, թէ գաղթականութիւնը համաշխարհային երեւոյթ մըն է եւ ոչ միայն Միջերկրականի շրջանին յատուկ։ Բոլոր ցամաքամասերը այս իրականութեան դիմաց կը գտնուին։ Իրավիճակ մը, որ չի վերաբերիր միայն անոնց որոնք աշխատանք եւ կամ կեանքի բարելաւ պայմաններ կը փնտռեն, այլ նաեւ չափահաս եւ անչափահաս անհատներոուն, որոնք փախուստ կու տան իսկական ողբերգութիւններէ։ Ասոր համար հարկաւոր է, որ իւրաքանչիւր երկիր, այնտեղ ժամանող գաղթականներուն եւ անոնց ընտանիքներուն երաշխաւորէ անոնց իրաւունքներու ամբողջական ճանաչումը։ Յատկապէս երեխաներուն եւ կիներուն որոնք կը ներկայացնեն խոցելի ստուար զանգուածը։

«Անչափահաս Գաղթականներ՝ խոցելի եւ առանց ձայնի» բնաբանով, Սրբազան Հայրը կʼուզէ ուշադրութիւնը կենդրոնացնել փոքրագոյններուն վրայ։ Երեխաներ որոնք  ստէպ առանձին կը հասնին նպատակադիր երկիրը, եւ ի վիճակի չեն իրենց ձայնը լսելի դարձնելու, եւ դիւրաւ կը վերածուին մարդկային իրաւունքներու ծանրակշիռ բռնաբարութիւններու թիրախ։ Յիշեալ Միջազգային Օրուան առիթով ըստ սովորութեան պիտի հրապարակուի Քահանայապետական Պատգամ մը։

Յայտնենք թէ 1914 թուականի դեկտեմբեր 6ին, «Ցաւն ու մտահոգութիւնները» շրջաբերական նամակով Սուրբ Աթոռը սկիզբ կու տար Գաղթականներու եւ Փախստականներու Միջազգային Օրուան յիշատակումին։ Առաջին անգամ ըլլալով հոն կը խնդրուէր հաստատել ամենամեայ օր մը, գիտակցելու գաղթականութեան երեւոյթին։ Այս կոչին իբր արդիւնք, 1915ի փետրուար 21ին կը կատարուէր Գաղթականներու եւ Փախստականներու Միջազգային առաջին Օրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.