2016-06-22 08:51:00

՝՝Տիրամայր Հայաստան՝՝կեդրոնի փոքրիկ հիւրերը անհամբեր կը սպասեն Ֆրանչիսկոս Պապին


 

(Ռատիօ Վատիկան) Վերջերս ՝՝Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն՝՝ քահանայապետական բարեսիրական հաստատութեան պատուիրակութիւն մը այցելած է Գիւմրիի Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու  «Տիրամայր Հայաստանի» բարեսիրական կեդրոնը, ուր Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը, Հայաստանա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս  ներս  շաբաթ, 25 յունիսին, յետմիջօրէին պիտի այցելէ կեդրոնի մէջ ծառայող Հայ կուսանները , ու անոնց խնամակալութեան տակ գտնուող որբերն ու տարեցները։  Ֆրանչիսկոս Պապ մի քանի ժամ պիտի հանգչի այդ կենդրոնին մէջ։

Անարատ Յղութեան կեդրոնի պատասխանատու՝ Քոյր Արուսեակ Սաճոնեան ,՝՝Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն՝՝ պատուիրակութեան անդամներուն, մեծ հպարտութեամբ ցոյց տուած է Ֆրանչիսկոս Պապին համար պատրաստուած սենեակը անոնց յայտնելով թէ ''ասիկա մեր կեդրոնին լաւագոյն սենեակն է՝՝։  

Քոյր Արուսեակ ապա յայտնած է՝ թէ ինք զարմանքի  մատնուած է երբ Կիւմրիի Կաթողիկէ թեմի արքեպիսկոպոսը  իրեն  յայտնած է ՝ թէ Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ  կեդրոն։

՝՝Կեդրոնին մէջ գտնուող  37 փոքրիկ հիւրերը , կը շարունակեն  փորձեր կատարել, փունջ մը երգեր ներկայացնելու համար  Սրբազան Քահանայապետին։ Անոնք նաեւ սորված են իտալերէն լեզուով մի քանի բառեր ՝ Սրբազան Հայրը  ողջունել կարենալու համար, ըսած է՝՝Տիրամայր Հայաստանի» կեդրոնի պատասխանատու Քոյր Արուսեակը։   








All the contents on this site are copyrighted ©.