2016-06-21 09:12:00

Հռոմի Պապի Հայաստան այցը լուսաբանելու համար հաւատարմագրուած է շուրջ 600 լրագրող։


Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապի Հայաստան այցը լուսաբանելու համար հաւատարմագրուած է շուրջ 600 լրագրող: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը թուիթըրի էջին միջոցաւ:

Յայտնենք թէ Սրբազան Քահանայապետի Հայաստանի Հանրապետութիւն այցը պիտի մեկնարկէ Յունիս 24-ին: Եռօրեայ այցի ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը Էջմիածնի մէջ հիւրը պիտի հանդիսանայ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ու իշխանութիւններուն հետ, պիտի այցելէ գիւմրիի հասարակութիւնը եւ Խոր Վիրապի վանքը ու   մայրաքաղաքի հանրապետութեան հրապարակին վրայ պիտի հանդիսապետէ  Խաղաղութեան համամիութենական աղօթքի  արարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.