2016-06-20 14:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապ՝՝քրիստոնեաները նախ քան որ դատեն, պէտք է հայելիի մէջ նային՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 20 յունիսին՝ առաւօտուն,  Վատիկանի Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած Քարոզը Ֆրանչիսկոս Պապ կեդրոնացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումէն քաղուած՝ Մատթէոս Աւետարանիչի՝ «մի դատէք, որպէսզի չի դատուիք» Յիսուսի խօսքերուն  վրայ։

  Սրբազան Հայրը ընդգծեց,  թէ դատելը կը պատկանի  լոկ Աստուծոյ,  հետեւաբար, եթէ չենք ուզեր որ  դատուինք, մենք ալ մեր կարգին  պէտք չէ  ուրիշները  դատենք։ Ֆրանչիսկոս Պապ   քարոզին մէջ նկատել տուաւ,  որ  դատաստանի վերջին  օրը, բոլորս Տիրոջմէ պիտի հայցենք,  որ մեր հետ բարեացակամ գտնուի եւ   մոռնայ մեր գործած   չար արարքները։

Ուստի մտաբերելու ենք  Յիսուսի «մի դատեր որ չի դատուիս՝՝ խօսքերը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  ու  յորդորեց,   ՝՝նախ քան որ դատենք մենք զմեզ  հայելիին  մէջ պէտք է դիտենք։  Հակառակ պարագային՝  երբ դատենք, կեղծաւորութիւն  ըրած կ՝ըլլանք,  որովհետեւ  մենք զմեզ Աստուծոյ տեղ դրած կ՝ըլլանք, եւ  մեր դատաստանը աղքատ է եւ ողորմածութենէ զուրկ, մինչ  Աստուծոյ դատաստանը՝ ողորմածութեամբ լեցուն։

Քարոզի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց,  որ Տիրոջմէ հայցենք,  որ մեզի լաւ հասկցնէ սոյն ճշմատութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.