2016-06-20 10:58:00

Սեւան եւ Աւիլիանա քաղաքները՝ Քոյր քաղաքներ


Ծրագիր մը որ տարիներէ ի վեր հետապնդուած էր, վերջապէս իրականացուեցաւ այս օրը: Կնգուեցաւ համաձայնագիրը Երկու քաղաքներու քացաքապետներու կողմէն Աւիլիանայի` Անճելօ Փաթրիցիոյի, Սեւանի`Ռուդիկ Ղուկասեանի միջեւ, Աւիլիանայի խորհրդի պալատի մէջ, հռչակելով Սեւան / Աւիլիանա քաղաքները ՔՈՅՐ քաղաքներ, որոնք պիտի գործակցին մշակութային, մարզական, երիտասարդական, արուեստի եւ զբոսաշրջութեան ոլորտներէն ներս:

Ներկայ էին նաեւ Հ.Հ. Դեսպանուհի Տիկ. Վիկտորիա Բաղդասարյանը, փոխ. Դեսպ Տիկ. Անահիտ Թովմասյանը, Դեսպ.ի օգնական Վիկտորիա Պողոսյանը, Պր. Ղուկասյանի օգնական Դավիտ Թորոսյանը , Փրոֆ. Պայքար Սիվազլըեանը եւ հոծ բազմութիւն մը: Այս Վայրէն մի քանի Կմ. հեռավորութեան զետեղուած Խաչքարի օրհնութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ, Միլանոյի Հայկական Եկեղեցվոյ Հոգեւորական Հայր Թովմայի Ձեռամբ:

Ներկայ էին Քաղաքապետները, Դեսպանուհին իր անձնակազմով , տեղւոյն կաթողիկէ Հոգեւոր Հովիւը, եւ Միլանոյի հայկական համայնքէն ներկայացուցիչներն ու Աւիլիանայի բնակիչները: Հանդիսութիւնները աւարտուեցաւ ճոխ հիւրասիրութեամբ մը:

Այս բոլորը կը պարտինք ժրաջան եւ անշահախնդիր, մեր հայրենակից Կարէն Քոքճեանին իր անձնական ճիգերով եւ նիւթական միջոցներով յաջողեցաւ իր տարիներու երազանքը իրականացնել:

Վարձքդ կատար սիրելի Կարէն Կեկել Խաչատուրեան:

քաղուած Հայերն Այսօր էն








All the contents on this site are copyrighted ©.