2016-06-20 16:03:00

ՈՒՆԻՍԵՖ-Ը կը դատպարտէ Թուրքիոյ սահմանին անմեղ 4 մանուկներուն սպանութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան)  UNICEFի Իտալիոյ մասնաճիւղի բանբերը հրապարկելով հաղորդագրութիւն մը դատապարտած է Սուրիոյ-Թուրքիոյ սահմանգիծին վրայ 4 մանուկներուն սպանութիւնը՝ թրքական բանակին կողմէ, համարելով զայն ոճիր մարդկութեան դէմ։ Բանակին կողմէ 4 անմեղ մանուկներու սպանութիւնը, որոնք կը փորձէին Թուրքիա մտնել՝ փախուստ տալով 5 տարիներ գոյատեւող հակամարտութենէն, բարբարոսական աննախադէպ անմարդկային արարք մըն է՝ յայտարարած է Տիար Անտրէա Իաքոիմինի ՈՒՆԻՉԵՖի Իտալիոյ բանբերը, աւեցնելով,  թէ  ոեւէ մէկը որ  կը հրթիռակոծէ  փախուստ տուող անմեղ մանուկները՝ ոճիր գործած կ՝ըլլայ։ Ոճրագործ են նաեւ այն անձերը, որոնք  մարդոց կը ստիպեն փախուստ տալ իրենց  երկրէն։ Աշխարհը կը շարունակէ լռութեան մէջ մնալ, Եւրոպան կը բարձրացնէ պատնէշներ, Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւնը տակաւին շատ հեռու է  եւ տեղահանուածներուն թիւը գերզանցած է 5.5 միլիոն, որոնց մեծամասնութիւն անչափահասներ են։ Հաղորդագրութեան աւարտին ՈՒՆԻՉԵՖԻ բանբերը հաստատած է, թէ կարելի չէ զէնքով պատասխանել   յուասահատութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.