2016-06-20 08:57:00

Գամիշլիի ահաբեկչական պայթումին թիրախը Սուրիանիներու կաթողիկոսը եղած է


Կիրակի 19 յունիսին,  Գամիշլիի մէջ երեք զոհեր արձանագրուեցան, երբ 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած Ասորիներու ցեղասպանութեան զոհերու հոգեհանգիստի արարողութեան մը դէմ անձնասպանական գործողութիւն մը կատարուեցաւ:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ գործողութեան հեղինակը փորձած է մուտք գործել այն սրահը, ուր տեղի կ՛ունենար Ասորիներու ցեղասպանութեան` «Սէյֆօ»-ի (ասորերէն Սուրի, «Ա.») ոգեկոչման հաւաք մը` գլխաւորութեամբ ասորի ուղղափառներու Իգնատիոս Եփրեմ Բ. պատրիարքին: Հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ մէջ գործող քրիստոնէական «Սոթորօ» միլիսի անդամները արգելք հանդիսացած են գործողութեան հեղինակին: Ըստ ապահովական աղբիւրի մը, «Սոթորօ»-ի երեք անդամներ սպաննուած են եւ 5 ուրիշներ վիրաւորուած:

«Սոթորօ»-ի անդամ մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ անձնասպանական գործողութեան հեղինակը «ինքզինք պայթեցուց մեր անցարգելին վրայ, երբ չկրցաւ հասնիլ իր իսկական թիրախին` Իգնատիոս պատրիարքին»:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն








All the contents on this site are copyrighted ©.