2016-06-19 12:42:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 19 Մայիս 2016-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւանդութեան համաձայն իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց կիրակնօրեայ Մարեման աղօթքը աղօթքէն առաջ խորհրդածութիւնը մը ներկայացնելով ներշնչուած Ղուկասի Աւետարանիչի օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումէն (Ղուկ, 9, 18-24) ուր Սիմոն Պետրոս պատասխանելով ''Իսկ դուք ո՞վ կը կարծէք որ ես ըլլամ''  Յիսուսին մէկ  հարցումին կ՛ըսէ ''Աստուծոյ Օծեալը''։

Այս պատասխանեն  ետք Յիսուս իր աշակերտներուն կ՛աւետէ թէ Մարդու Որդին պիտի չարչարուի­ մերժուի ծերերէն, քահանայապետերէն ու դպիրներէն, ու պիտի սպաննուի եւ երրորդ օրը Յարութիւն պիտի առնէ''։

Յիսուսին հարցումը այսօր եւս կը հնչէ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ու մենք կանչուած ենք Պետրոսի նման պատասխան մը տալու, մեր հաւատքը դաւանելով։ Աշխարհը աւելի քան երբեք կարիքը ունի Քրիստոսի ու անոր փրկագործ ծրագրին ու Անոր ողորմած սիրոյն, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, մատնանշելով թէ բազմաթիւ անձինք դատարկութեան մէջ կ՛ապրին ու կարիքը ունին իսկական պատասխանի մը, որ կարելի է գտնել միայն Քրիստոսի մէջ որ է իսկական խաղաղութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Յիսուսի աշակերտներուն ուղղուած խօսքերուն ''Ով որ կ՛ուզէ ինծի հետեւիլ, թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը ամէն օր եւ ետեւէս գայ''։ Ասոր համար, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, վստահութեամբ յանձնուիք Յիսուսին­ մեր եղբօրը, մեր բարեկամն ու փրկիչը։ Ան Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեամբ մեզի ուժ պիտի տայ յառաջ ընթանալու հաւատքի եւ վկայութեան ուղեւորութեան մէջ, որուն ընթացքին մեզի միշտ մօտիկ է Աստուածամայրը ու մեր ձեռքէն բռնած մեզի կ՛ընկերանայ դժուար եւ մռայլոտ պահերու ընթացքին։

Խորհրդածութեան աւարտին  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւացեալները վերյիշելով թէ երէկ Ֆոճճա քաղաքին մէջ երանելի հռչակուեցաւ Մարիա Չելեսթէ Քրոսթարոզան ապա ակնարկեց Օրթոտոքս  եկեղեցիներուն մէջ այսօր նշուող Պենտեկոստէի տօնին ու հրաւիրեց աղօթքով միանալ  մեր օրթոտոքս եբարներուն­, հայցելով Սուրբ Հոգին որպէսզի իր առատ տուրքերով թիկունք կանգնի Սիւնհոդոսի մասնակցող  Պատրիարքներուն­ Արքեպիսկոպոսներուն ու Եպիսկոպոսներուն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.