2016-06-18 09:30:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը Հռոմի ''Վիլլա Նազարէթ'' կեդրոնին։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 18 Յունիս 2016-ի յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հովուական այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի ''Վիլլա Նազարէթ'' անուան կեդրոնին։ Նորին Սրբիւթիւնը կեդրոն կը ժամանէ յետմիջօրէի ժամը 17-ին ուր զինք կը դիմաւորեն Կարդինալ Աքիլլէ Սիլվեսթրինի եւ գերապայծառ Քլաուտիօ Մարիա Չելլին։ Սրբազան Քահանայապետը ապա կ՛ողջունէ մուտքին համախմբուած մանուկները ու կեդրոնի դահլիճին մէջ հանդիպում կ՛ունենայ կեդրոնի մատակարարման անձնակազմին ու բարերարներուն հետ, հուսկ կ՛ուղղուի կեդրոնի մատուր ուր հանդիպում կ՛ունենայ կեդրոնի աշակերտութեան հետ անոնց մեկնաբանելով ''բարի սամարացիի'' առակը որմէ ետք Քահանայապետը կը հանդիպի կեդրոնի աշխատակազմին հետ հուսկ կեդրոնի հրապարակին վրայ հանդիպում կ՛ունենայ ''Վիլլա Նազարէթ'' հասարակութեան անդամներուն հետ որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ կը պատասխանէ իրեն ուղղուած  եօթը հարցումներուն։ Սոյն հանդիպումի աւարտին Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտ կ՛առնէ բոլոր ներկաներէն ու վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։

Վիլլա Նազարէթ կեդրոնը հիմնուած է 70 տարիներ առաջ` 1946-ին Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ օրով, այդ ժամանակուայ Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Տոմենիքօ Թարտինիի նախաձեռնութեամբ։ Կեդրոնը իր յարկին տակ կը հիւրընկալէ աղքատ ընտանիքներու զաւակ կամ որբ` տիպար աշակերտներ, որոնց ծնողները կարողութիւնը չունին անոնց համալսարանական ծախսերը հոգալու։

Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետը 13 յունուար 1963-ին ձեռագիր մէկ նամակով` ստեղծեց ''Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքի  - Վիլլա Նազարէթի – հիմնարկը'' եւ 1969-էն սկսեալ ծնունդ առաւ նաեւ երիտասարդներու հասարակութիւն մը ու 1980-ին հիմնուեցաւ ''Տոմենիքօ Թարտինի հասարակութեան'' ընկերակցութիւնը որուն նպատակն է  հիւրընկալել երիտասարդներ` անոնց առիթ տալով քրիստոնէական կազմաւորում ունենալու։

1994-ին  Աշխարհականներու  Քահանայապետկան խորհուրդը կը վաւերացնէ վերոնշեալ ընկերակցութեան գոյութիւնը որպէս Քահանայապետական իրաւասութեամբ հաւատացեալներու միջազգային ընկերակցութիւն։ 

1996-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը եւս այցելած էր սոյն կեդրոնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.