2016-06-18 08:11:00

Ռամատանի տօնի առիթով Սուրբ Աթոռի աւանդական պատգամը


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի միջկրօնական բանակցութեան խորհուրդի նախագահ՝ կարդինալ Թորան, 10 յունիսին, Ռամատանի տօնի առիթով, աւանդական շնորհաւորական պատգամը յղած է իսլամական կրօնքի հետեւողներուն՝ քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօնքներու միջեւ համերաշխ կապերու պահպանման հեռանկարով։

Պատգամին մէջ ծիրանաւորը կը յիշէ, թէ քրիստոնեաներ եւ մահմետականներ՝ երկուքն ալ կը հաւատան ողորմած Աստուծոյ։ Ան կը նշէ նաեւ ողորմածութեան յոբելենական տարւոյն, ուր ժամանակն է բուժելու վէրքեր եւ ընթանալու դէպի ներում եւ հաշտութիւն։

Ծիրանաւոր Թուրան կը նկատէ, թէ երկու կրօնքներուն մէջ ալ Աստուծոյ նմանութիւնը հաւատացեալի էական կոչումն է։ Հետեւաբար պէտք չէ փակել աչքերը ի տես այն բոլոր ողբերգութիւններուն, որոնց տակ ներկայիս աշխարհի չորս կողմը, բազմաթիւ մարդիկ կը տառապին։

Կարդինալ Թուրան իր պատգամի աւարտին կը փոխանցէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի ողջոյնները եւ բարեմաղթութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.