2016-06-18 10:03:00

Մինսկի խումբի նախագահները պիտի մասնակցին Փութին-Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպման


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները պիտի մասնակցին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայանալիք Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու՝ Արցախի հարցով կայանալիք եռակողմանի հանդիպումին. այս մասին կը գրէ «Ռիա Նովոսթի»ն:

Այս մասին ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ» լրատու գործակալութեան հարցումին պատասխանելով՝ ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք յայտնած է. «Անհամբեր կը սպասեմ այս հանդիպման: Մենք յոյս ունինք, որ կողմերը կ՛ամփոփեն հետաքննութեան համակարգերու իրականացման մասին համաձայնութիւնները եւ կը վերականգնեն խաղաղութեան համապարփակ համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւնները»:

Իր կարգին, ֆրանսացի համանախագահ Փիեռ Անտրէ ըսած է. «Յոյս ունինք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները կը վերականգնեն վստահութիւնը եւ յառաջխաղացք կ՛արձանագրեն կարգաւորման գործընթացին մէջ»:

Յիշեցնենք, որ նախագահներու հանդիպումը պիտի կայանայ Յունիս 20ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.