2016-06-17 10:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ուղերձը Հռոմի թեմի եկեղեցական հաւաքի մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 16 յունիսի երեկոյեան ժամը 7ին, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ բացումը կատարեց Հռոմի թեմի եկեղեցական հաւաքին, որուն նիւթն է «Սիրոյ հրճուանքը»՝ ներշնչուած Սրբազան Քահանայապետի Յորդորէն, որ հրապարակուած էր տարւոյս 19 մարտին։ Կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինիի ողջոյնի խօսքէն եւ աղօթքէ մը վերջ, Ֆրանչիսկոս Պապ իր խօսքը ուղղեց հաւաքին ներկայ ընտանիքներուն, քրիստոնէականի ուսուցիչներուն, քահանաներուն եւ հովուական առաքելութեան գործակիցներուն։

Սրբազան Հայրը Աստուածաշունչէն առնուած երեք պատկերներով ներկայացուց իր պատգամը։ Խորհրդածութեան առաջին կէտին մէջ ան յիշեց Ելից Գրքի դրուագը՝ ուր Մովսէս Մարգարէն կը նկատէ այրող մորենին։ Աստուած Մովսէսին կʼըսէ՝ «կօշիկներդ ոտքէդ հանէ» (Ելք Գ. 5) Ապա նշելով Ընտանիքի նուիրուած բացառիկ սիւնհոդոսին, Ֆրանչիսկոս Պապ բացատրեց, թէ ինչպէս եպիսկոպոսները պատրաստուած էին սիւնհոդոսին։ Անոնք իրենց աչքին առջեւ ունէին ընտանիքներու խնդիրները եւ հարցերը։ Քննարկելու համար այս հարցերը եւ լուծումներ գտնելու համար՝ պէտք է «հանել կօշիկները» եւ լծուիլ աշխատանքի ու յայտնաբերելԱստուծոյ ներկայութիւնը։

Աստուածաշնչական երկրորդ պատկերը Սրբազան Հայրը առաւ Ղուկասի Աւետարանէն՝ ուր փարիսեցին աղօթելով կʼըսէր՝ «Աստուած իմ, շնորհակալ եմ քեզի, որ ուրիշ մարդոց նման չեմ, գող, անարդար, պոռնիկ եւ ոչ այլ այս մաքսաւորին նման։» (Ղուկ ԺԸ. 11) Մենք ստէպ ենթակայ ենք անջատողական տրամաբանութիւն որդեգրելու փորձութեան, ըսաւ Սրբազան Պապը։ Սակայն բոլորս ալ կարիքն ունինք դարձի, Տիրոջ առջեւ նորոգելու մեր ուխտը եւ մաքսաւորին հետ խոնարհ կեցուածքով աղօթելու՝ «Աստուած իմ, ողորմէ ինծի մեղաւորիս։»

Մենք կը քննարկենք հարցեր, սակայն քննարկման մեր իրատեսութիւնը չէ կարելի համեմատութեան մէջ դնել Աւետարանի իրատեսութեան հետ։ Հոն, քննարկումը կանգ չʼառներ իրավիճակի եւ խնդիրներու նկարագրումով, այլ իւրաքանչիւր դիմագիծի, իւրաքանչիւր կենսապատկերի, իւրաքանչիւր պարագայի ետին կը տեսնէ պատեհ առիթ մը եւ կարելիութիւն մը։ Պէտք է վարդապետական ուսուցման մէջ ըլլալ յստակ. սակայն պէտք է զգուշանալ ուրիշը դատելէ։ Աւետարանը կը պատուիրէ մեզի «չդատել եւ չդատապարտել» (հմմտ Մտթ Է. 1 եւ Ղուկ Զ. 37)։

«Ձեր ծերերը մարգարէական երազներ պիտի ունենան եւ ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի տեսնեն» (հմմտ Յով Բ. 28)։ Յովել Մարգարէի այս խօսքով, Ֆրանչիսկոս Պապ ամբողջացուց իր ուղերձի երրորդ կէտը։ Ան յարեց, թէ ստէպ մեր ծերերու երազներուն ընձեռած կարելիութեամբ է՝ որ մեր երիտասարդները տեսլականներ կʼունենան, ապագայ մը եւ յոյս մը կը կերտեն։ Սրբազան Պապը՝ ծեր զոյգերու ներկայութիւնը մեր կեանքէն ներս նկատեց իբր բարի օրինակ սիրոյ։ Պէտք չէ երբեք մէկուսացնել ծերերը եւ կորզել անոնց ձայնը եւ կարելիութիւնը՝ հաղորդելու մեզի իրենց կեանքի պատմութիւնը եւ իրենց փորձառութիւնները։ Այլ մանաւանդ պէտք է օգտուիլ անոնց իմաստութեան հարստութենէն։

Եզրափակելով իր ուղերձը, Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ՝ «Պէտք է զարգացնենք ընտանեկան հովուական մը՝ կարող ընկալելու, ընկերանալու, զանազանելու եւ ամբողջարկելու։ Հովուական մը, որ թոյլ կու տայ եւ կարելի կը դարձնէ յարմար լաստակը՝ որպէսզի մեզի վստահուած կեանքը գտնէ աջակցութիւն ըստ կարիքի՝ որպէսզի կարենայ զարգանալ Տիրոջ տեսլականին համաձայն։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.