2016-06-17 10:28:00

Փախստականներու համաշխարհային օրուան նուիրուած ձեռնարկ


Յունիս 18-ին, ժամը` 11:00-18:00, Մարիոթ հիւրանոցի Արարատ սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Փախստականներու համաշխարհային օրուան նուիրուած` «Ճգնաժամի հինգ տարին. նոր կեանքի մաքառման հինգ տարին» խորագիրով ձեռնարկը, որ կը կազմակերպէ ՄԱԿ ՓԳՀ-ն Օքսֆամ կազմակերպութեան հետ համատեղ` ՄԱԿ ՓԳՀ-ի Մենք կանգնած ենք փախստականներու կողքին եւ Օքսֆամի Սուրիոյ կողքին քարոզարշաւներու ծիրէն ներս:

Ձեռնարկին բացման արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ ժամը 12:30-ին, ողջոյնի խօսքով հանդէս պիտի գան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՄԱԿ ՓԳՀ գրասենեակի հայաստանեան մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Պիրուիրթը եւ Օքսֆամ մասնաճիւղի տնօրէն Մարգարիտա Յակոբեան:

Ձեռնարկին ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ տեղահանուած սուրիացի գործարարներու ձեռագործ աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք եւ փախստականներու թեմատիկ լուսանկարներու-ցուցահանդէս, յիշատակի մոմավառութեան արարողութիւն:

Պիտի հնչեն սուրիացի տաղանդաւոր երաժիշտներու եւ ՄԱԿ ՓԳՀ  ազգային հետեւորդ, վաստակաւոր արուեստագիտուհի, երգչուհի Զարուհի Բաբայեանի եւ իր Երգի արուեստանոցի սաներու կատարումները:

Ձեռնարկի աւարտին պիտի իրականացուի փախստականներու պատմութիւնները ամփոփող ՄԱԿ ՓԳՀ «Խաչմերուկներ» գիրքին շնորհանդէսը: Պիտի ցուցադրուի սուրիացի ոճաբան Գէորդ Շադոյեանի փոքրերու հագուստի հաւաքածուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.