2016-06-17 08:48:00

Լաւրով ԱՄՆին յորդորեց «սուրիական թղթածրարին վերաբերեալ աւելի համբերատար ըլլալու»


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական հոլովոյթին մէջ յառաջդիմութիւն գոյութիւն չունի` աւելցնելով. «Հալէպի հարցով Միացեալ Նահանգներու համբերութեան սպառման մասին Քերրիի յայտարարութիւնները զարմանք կը պատճառեն»:

Լաւրով Միացեալ Նահանգները յորդորեց «սուրիական թղթածրարին վերաբերեալ աւելի համբերատար ըլլալու»` շեշտելով. «Ռուսիան Սուրիոյ հարցով ոեւէ մէկուն խոստում չէ տուած»:

Քերրի մէկ օր առաջ յայտարարած էր. «Անհրաժեշտ է, որ Ռուսիա հասկնայ, թէ մեր համբերութիւնը անվերջ չէ, փաստօրէն, անիկա խիստ սահմանափակուած է անով, որ Ասատը արդեօք պիտի ենթարկուի՞ պատասխանատուութեան»:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Լաւրով երէկ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ հանդիպում ունեցած է Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի վարչապետ Նեչիրվան Պարզանիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի շարունակումը:

«Զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուած են տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման հարցերուն շուրջ, մասնաւորաբար քարիւղի ու կազի մարզին մէջ` նկատի ունենալով անոնց հետագայ զարգացման հեռանկարը: Քննարկուած են նաեւ շրջանի քաղաքական կացութեան հարցերը, կարեւոր նկատուած է ՏԱՀԵՇ-էն բխող ահաբեկչական սպառնալիքին դէմ աշխուժ պայքարի շարունակումը», կը նշէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.