2016-06-16 12:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''R.O.A.C.O.''ի անդամներուն ''Յառաջիկայ օրերուն կը մեկնիմ Հայաստան''։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 16 Յունիս 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց Նիճերիոյ մօտ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Աուկուսթին Քազույան, Պելկիոյ Էզմերալտա Իշխանուհին ու Սուրբ Աթոռի մօտ Մարթայի Կարգին դեսպան` Տիար Ալպերթօ Լէոնչինի Պարթոլի, հրաժեշտի այցելութեան առիթով։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ Քլեմենթինա սրահին մէջ ընդունեց ''R.O.A.C.O.'' Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան բարեսիրական հաստատութիւններու 89-րդ հաւաքի մասնակցողները, որոնցմէ ետք Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ժողովրդական եւ շրջիկ բեմադրութիւններու արուեստագէտներուն յոբելեանին 7 հազար մասնակիցներուն։

Նշենք թէ Նորին Սրբութիւնը յետմիջօրէի ժամը 7-ին, Հռոմի Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս տաճարին մէջ կը մասնակցի Հռոմի  թեմական համագումարին բացման արարողութեան  որուն նիւթն է ''Սիրոյ ուրախութիւնը, Հռոմի ընտանիքներու ուղեւորութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապի Սիրոյ Ուրախութիւն առաքելական յորդորագիրին լոյսին ներքոյ''։

Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան բարեսիրական հաստատութիւններու անդամներուն հետ հանդիպումի ընթացքին արտասանած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը սրտանց ողջունեց ներկաները ու շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց տածած աշխատանքին ի սպաս Արեւելքի եղբայրներուն, Քահանայապետը եւ Սուրբ Աթոռը մօտիկ դարձնելով անոնց։

Սրբազան Քահանայապետը յատուկէն ողջունեց Սուրբ Երկրի նոր անուանուած պահակ` Հայր Ֆրանչեսքօ Փաթթոնը ու Կրցեր Եղբայրներու միաբանութիւնը ու անոնց օրինակելի առաքելութիւնը Սուրբ Երկրի մէջ։

Ֆրանչիսկոս քահանայապետը ակնարկեց ապա Բեթղեհէմի մէջ կայացած բարենորոգման աշխատանքներու ընթացքին յայտնաբերուած խճանկարային` եօթներորդ հրեշտակին, նշելով թէ այս մէկը կը նշանակէ թէ մեր հասարակութիւնները եւս կարող են նոր ''յայտնաբերումներ'' ձեռք բերել ու իրենց վրայէն թօթափել մեղքի ու հարցերու բերումով կազմուած քոսը։

Ձեր գործունէութիւնը ու ձեր ծրագիրները պէտք է գործեն վերաշինելու  եկեղեցւոյ դիմագիծը որպէսզի ան տեսանելի կերպով ցոլացնէ Մարդացեալ Բանի` Քրիստոսի լոյսը։ Ան մեր խաղաղութիւնն է ու կը բախէ Միջին Արեւելքի սրտին դուռը, այնպէս նաեւ Ուկրանիոյ ու Հնդկաստանի դուռը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց  ROACO-ի ժողովներուն ընթացքին արծարծուած նիւթերուն ու յատկապէս Մալապար եւ Մալանքար եկեղեցիներու ներկայութեան ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու միջեւ հաղորդութեան կարեւորութեան, մէջբերելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ խօսքերը ''Արեւմտեան խօսքերը կարիքը ունին Արեւելքի խօսքերուն որպէսզի Աստուծոյ Խօսքը միշտ աւելիով յայտնուի իր ամբողջ հարստութիւններով''։

Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակեց բոլոր ներկաներուն վրայ հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնները ու անոնցմէ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։ Ան ապա յայտնեց թէ յառաջիկայ օրերուն ուխտագնացութեամբ կը մեկնի արեւելեան երկիր մը` Հայաստան, ազգերու մէջ առաջինը որ ընկալեց Յիսուսի Աւետարանը ու հայցեց որ Տիրամայրը պաշտպանէ ու ընկերանայ բոլոր ներկաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.